Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթայի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լեյենի եռակողմ հանդիպումը: Այս մասին յայտնած են Կառավարութենէն:
Հանդիպման արդիւնքներով եղած է մամուլի համատեղ հաղորդագրութիւն, որու սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Այսօր Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն հանդիպեցան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ աճող գործընկերութիւնը վերահաստատելու եւ առաջ մղելու նպատակով: Նախագահ Քոշթան եւ նախագահ ֆոն տեր Լեյեն ողջունեցին Հայաստանի յաւակնոտ բարեփոխումներու օրակարգը եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն:
Հանդիպման ընթացքին առաջնորդները ողջունեցին ԵՄ-ՀՀ Գործընկերութեան նոր օրակարգի բովանդակութեան վերաբերեալ վերջերս ձեռք բերուած քաղաքական համաձայնութիւնը, որ կարեւոր հանգրուան է կապերու խորացման համատեղ յանձնառութեան համար: Անոնք նաեւ գոհունակութեամբ նշեցին վիզաներու ազատականացման գործընթացին արձանագրուած առաջընթացը եւ Հայաստանի` վերջերս ընդունուած «ԵՄ-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքը:
ԵՄ վերահաստատեց իր ամուր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի դիմակայունութեան եւ երկարաժամկէտ զարգացման՝ էական ֆինանսական եւ տեխնիկական օգնութեան միջոցով: «Կլոպալ դարպասներ» ռազմավարութեան ծիրէն ներս, ԵՄ ներդրումները Հայաստանի մէջ այժմ կը կանխատեսուի հասցնել 2.5 միլիառ եւրոյի՝ խթանելով ներառական աճը եւ կապակցուածութիւնը։
ԵՄ վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան՝ միտուած տարածաշրջանային կապակցուածութեան եւ հաշտեցման: Նախագահ Քոշթան եւ նախագահ ֆոն տեր Լեյեն նաեւ նշեցին Հայաստանի շարունակական ջանքերը՝ միտուած Հարաւային Կովկասի կայունութեան խթանման, մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն շարունակական ներգրաւուածութեան եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերու միջոցով: Առաջնորդները նաեւ ընդգծեցին Հայաստանը ԵՄ տարածաշրջանային եւ տնտեսական նախաձեռնութիւններուն, մասնաւորապէս, Սեւ ծովու ռազմավարութեան ծիրէն ներս, ներգրաւելու հնարաւորութեան կարեւորութիւնը։
Նախագահ Քոշթան եւ նախագահ ֆոն տեր Լեյեն շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանին` սերտ համագործակցութեան եւ պատժամիջոցներու շրջանցումը կանխելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն համար:
Անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնն առանձնայատուկ տեղ գտաւ քննարկումներուն:
Անդրադառնալով անվտանգութեան հետ կապուած շարք մը մտահոգութիւններուն, ԵՄ առաջարկեց համագործակցիլ Հայաստանի հետ՝ գնահատելու անոր կարիքները, որոշելու համագործակցութեան առաջնահերթ ոլորտները եւ կիրառելու ԵՄ առկայ գործիքները:
ԵՄ առաջնորդները ողջունեցին այն փաստը, որ Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովը եւ Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովը։
Վերջաւորութեան, առաջնորդները եզրակացուցին, որ այս հանդիպումը կարեւոր քայլ է ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ եւ կոչ ըրին շարունակելու առաջընթացն այս աշնան կայանալիք ԵՄ-ՀՀ յաջորդ գործընկերութեան խորհուրդի նիստին։