Այս օրերուն Իսթանպուլ կը գտնուին Հայաստանի Լսատեսողական լրագրողներու ընկերակցութիւն հասարակական կազմակերպութեան (Association of Audio-Visual Reporters) ներկայացուցիչները, որոնք քաղաքին մէջ Երեքշաբթի կազմակերպեցին կլոր սեղան մը՝ մարդկային շահագործման (թրաֆիքինկ) նիւթով եւ հանդիպումներ պիտի ունենան այս նիւթի շրջագծէն ներս:
Իսթանպուլ մեկնելէ առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի մէջ ընկերակցութեան գրասենեակէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Լսատեսողական լրագրողներու ընկերակցութեան հիմնադիր-նախագահ Արզուման Յարութիւնեանի հետ, որ մանրամասնեց Իսթանպուլ իրենց այցելութեան նպատակները եւ ընելիքները:
Մինչ այդ, նշենք, որ ընկերակցութիւնը հիմնուած է 2003 թուականին եւ նպատակ ունի աջակցիլ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման: Իր գործունէութեան տարիներու ընթացքին ընկերակցութիւնը իրականացուցած է եւ կը շարունակէ իրականացնել Հայաստանի մէջ մարդկային բռնութեան՝ ստրկական, սեռական, բռնի եւ չնչին վարձատրութեամբ աշխատանքի տեսքով անօրինական շահագործման պայքարի տեղեկատուական հարթակի զարգացումը, խթանած է եւ կը խթանէ ընկերային գովազդի անվճար տարածումը, կ՚իրականացնէ տեղեկատուական քարոզարշաւ՝ ընդդէմ մարդկային բռնութեան: Ընկերակցութիւնը միաժամանակ մաս մը կազմէ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր մարդկային շահագործման դէմ պայքարի խորհուրդի աշխատանքային խումբին:
Թուրքիա այցն ալ մարդկային շահագործման մասին լրագրողական եւ այլ մակարդակներէ ներս իրազեկում ընելու, տուեալներ հաւաքելու եւ փորձի փոխանակում կատարելու արշաւի իրականացման ծրագրերէն մէկն է։
-Պարոն Յարութիւնեան, ի՞նչ ծրագրով կը գտնուիք Թուրքիա:
-Ծրագիրը, զոր արդէն երրորդ տարին ըլլալով կ՚իրականացնենք, կը կոչուի «Տեղեկատուական ամպիոնի զարգացում Հայաստանի մէջ՝ ընդդէմ մարդկային բռնութեան»: Այդ ծրագիրը իր մէջ կը ներառէ ոչ միայն Հայաստանի լրագրողներու բաղկացուցիչ պահը՝ ինչպէս լուսաբանել մարդկային բռնութեան նիւթերը, այլ նաեւ զարգացումները կը տանինք դէպի միջազգային համագործակցութիւն: Իսկ մեր այցը Թուրքիա նաեւ պայմանաւորուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան ամենամեայ հաշուետուութեան այն մասով, ուր մասնաւորապէս կը նշուի, թէ բարենպաստ կ՚ըլլար, որ սկսուի այդ պայքարին՝ հայ-թրքական համագործակցութեան գետնի վրայ: Այս ուղղութեամբ մենք կարծես, թէ առաջին քայլերը կը նետենք: Առայժմ մենք լրագրութեան դաշտին մէջ պիտի սկսինք մեր համագործակցութեան՝ հետագայ զարգացումները փոխանցելով մեր գործընկերներուն, առանձնապէս ալ հետագային պիտի նպաստենք՝ թէ՛ տեղեկատուութիւնը հասցնելով հոն գտնուող հայաստանցիներուն եւ թէ օգտակար ըլլալով անոնց այնտեղէն տեղափոխման: Այսինքն, այս այցէն ետք, ընդդէմ մարդկային շահագործման բոլոր քայլերը մենք կը փորձենք համագործակցաբար իրականացնել թրքական կողմին հետ։ Տեսնենք, թէ ի՛նչ արդիւնք կ՚ունենայ։
-Այսինքն, ոչ միայն իրազեկում պիտի իրականացնէք, այլ նաեւ՝ գործնական քայլեր պիտի կատարուի՞ն:
-Այս այցելութիւնը հիմնականը հետազօտութեան նպատակ ունի՝ ընդհանրապէս մարդկային շահագործման դէմ պայքարի թրքական տեղեկատուական դաշտի գործունէութեան միջոցներն ու ձեւերը կը փորձենք հասկնալ ու տեսնել, թէ որքանո՛վ կարելի է զանոնք ներգրաւել հայկական կողմի գործողութիւններուն, որքանո՛վ անոնք ընդհանուր եզրեր ունին:
-Իսկ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է իրականութիւն դարձնել այդ համագործակցութիւնը:
-Մարդկային շահագործումը իր էութեամբ անդրազգային յանցատեսակ մըն է, այստեղ ազգային պատկանելիութիւնը որպէս այդպիսին, երկրորդ փլան կը մղուի: Բոլոր յառաջադէմ երկիրները հակուած են, որպէսզի համատեղ ուժերով պայքար մղուի այս չարիքի դէմ, քանի որ որպէս օրէնք, այս յանցատեսակը մէկ երկրի մէջ չի կատարուիր, գոյութիւն ունին ծագման երկիրներ եւ ընդունող երկիրներ, այսինքն կան սահմանահատումներ, որոնց միջոցաւ երկրէ երկիր մարդիկը խաբելով կը տեղափոխեն եւ կ՚ենթարկեն ստրկութեան: Չունենալով Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ, այնուհանդերձ, Ինթերփոլի մակարդակով այսօր Հայաստանը կը գործակցի Թուրքիոյ հետ: Եւ Ինթերփոլի միջոցաւ է, որ մենք կը կարողանանք շահագործման ենթարկուածները Թուրքիայէն տեղափոխել Հայաստան: Այսինքն, կայ համագործակցութեան ձեւ մը: Մեր առջեւ դրուած խնդիրն է այդ համագործակցութիւնը տեղափոխել նաեւ հասարակական դաշտ, փորձել քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու միջեւ ալ սկսիլ համագործակցութեան եւ նպաստել նախ եւ առաջ նուազեցնելու շահագործման ենթարկուածներու քանակը: Մենք շահագործման ենթարկուածները այս պարագային կը կոչենք զոհեր:
-Ինչո՞ւ իբրեւ թիրախ ընտրուած է Թուրքիան:
-Ցաւօք սրտի, մենք այսօր Հայաստանէն ունինք զոհեր Թուրքիոյ մէջ, մանաւանդ սեռական գետնի վրայ շահագործում տեղի կ՚ունենայ: Շատեր անգիտակցաբար կ՚ենթարկուին խարդախներու գործունէութեան ու կը դառնան զոհեր: Մեր նպատակը այս յանցատեսակը նուազեցնելն է:
Մեկնելով մարդկային շահագործման դէմ այսօր ծաւալուող պայքարէն, մեկնելով 21-րդ դարուն մարդկային ատելութենէն այդ երեւոյթին դէմ, յոյսով ենք, որ թրքական կողմը բաւականաչափ դրական կը վերաբերուի մեր այս այցին։ Քանի որ ի վերջոյ, երբ խօսքը կը վերաբերի մարդուն, անհատին, վերանալով մեր ազգային պատկանելիութենէն, իւրաքանչիւրը կը մտածէ երբեւէ չիյնալ այս ցանցին մէջ: Չեմ կարծեր, որ այստեղ ազգային պատկանելիութիւնը առաջնային դեր կը խաղայ։ Ուստի մենք ողջամիտ վերաբերմունք եւ աջակցութիւն կը կ՚ակնկալենք:
-Հայաստանէն մինչեւ հիմա ինչպիսի՞ պայքար մղուած է՝ մարդկային շահագործումը դադրեցնելու առաջադրութեամբ:
-Հայաստանէն Թուրքիա պայքարներ մղուած են անցեալի մէջ: Ցաւօք սրտի, անոնք շարունակութիւն չեն ունեցած: Այդ աշխատանքները տարուած են թէ՛ հասարակական դաշտէն, թէ՛ Հայաստանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս, բայց ժամանակի ընթացքին կանգ առած է: Եւ հիմա մենք կը փորձենք թարմացնել այդ ամէն ինչը: Եկած է նոր սերունդ, եկած են նոր մօտեցումներ, Հայաստանի դիրքորոշումները փոխուած են այս յանցատեսակին հանդէպ, եւ պայքարը այսօր պէտք է դրուի նոր մակարդակի մը վրայ: Ըսեմ նաեւ, որ անցեալի մէջ տեղեկատուական համագործացկութիւն չէ եղած, եղած է համագործակցութիւն՝ զոհերուն աջակցող հասարակական կազմակերպութիւններու հետ։ Բայց այս մէկը առաջին անգամ ըլլալով՝ տեղեկատուական դաշտին մէջ համագործակցութեան եզրեր պիտի որոնենք:
Մենք արդէն յաջողած ենք կապ հաստատել հասարակական կազմակերպութիւններու, միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ քանի մը թրքական լրատուամիջոցներու հետ:
Պիտի փորձենք գործածել նաեւ հայկական համայնքի, կառոյցներու, լրատուամիջոցներու ուժերը:
Պոլսոյ Պատրիարքութենէն արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած են 10 Սեպտեմբերին (այսօր) ընդունելու համար մեր ընկերակցութեան անդամները։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդին հետ պիտի հանդիպինք ու պիտի ներկայացնենք մեր մտահոգութիւնները, մանաւանդ գիտենք, որ Պատրիարքութիւնը այսօր բաւականաչափ աշխատանք կը տանի՝ Հայաստանէն Թուրքիա մեկնած մարդոց հետ՝ վտանգներու եւ այլ հարցերու մասին զգուշացնելով զանոնք:
Պիտի փորձենք տեղական ոստիկանութիւններու հետ հանդիպիլ՝ հասկնալու համար, թէ ի՞նչ ձեւով կրնանք գործակցիլ գոնէ առայժմ տեղեկատուական մակարդակով:
-Պիտի փորձէ՞ք հանդիպիլ շահագործման ենթարկուածներուն հետ:
-Միանշանակ: Անպայման պիտի փորձենք զոհերուն հետ հանդիպիլ: Գիտենք համապատասխան հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք կ՚աշխատին զոհերուն հետ։ Անոնց միջոցաւ ալ զոհերուն հետ հանդիպումներու ընթացքին պիտի հասկնանք, թէ ի՞նչ պայմաններ զանոնք տարած են Թուրքիա եւ ո՞ր կէտերու վրայ գործուած են սխալները, որոնց պատճառով յայտնուած են շահագործողներու ձեռքը: Այսինքն, այդ ամէն ինչը նախնական մակարդակի վրայ պարզաբանելու պիտի պարզաբանենք եւ այդ տեղեկատուութիւնը պիտի բերենք ու տարածենք Հայաստանի մէջ, որպէսզի պարզ դառնայ, թէ Թուրքիոյ հետ կապուած ինչպիսի՛ վտանգներ կրնան ծագիլ:
-Շահագործման ենթարկուածներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի՞, թէ՝ կը շատնայ:
-Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ հետզհետէ կը նուազի: Մենք մեզի հետ կը տանինք նաեւ Հայաստանի ոստիկանութեան տրամադրած տեղեկատուութիւնը, թէ 2008-2014 թուականներու միջեւ Թուրքիոյ հետ կապուած մենք քանի՞ դէպք ունեցած ենք, եւ մեր ունեցած այդ վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ միտումը կը նուազի: Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներով՝ արդէն երրորդ տարին ըլլալով՝ Հայաստան մարդկային շահագործման դէմ պայքարող երկիրներու շարքին առաջին խումբին մէջ տեղ կ՚առնէ: Այս մէկը ի հարկէ, իրականութիւն դարձած է իրաւական մարմիններու, լրագրողներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու լաւ աշխատանքի շնորհիւ :
-Ըսիք, որ մարդկային շահագործման դէմ պայքարը անդրազգային է, այսինքն միայն հայ զոհերուն չէ ուղղուած ձեր աշխատանքը:
-Այո, ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի զանազան ազգութիւններու, բոլոր երկիրներու զոհերու հետ կապուած տիրապետենք իրավիճակին: Շահագործողները միշտ կէս քայլ առաջ են։ Մեր ամէն մէկ բացայայտումէն յետոյ անոնք նոր քայլերու կը ձեռնարկեն, նոր միջոցներ կը կիրառեն, ուստի այդ հետազօտութիւնները, զանազան երկիրներու հետ կապուած, մեզի հասանելի պիտի ըլլան, որպէսզի մենք հասկնանք, թէ ի՛նչ կայ ուրիշ երկրի մը մէջ եւ չկայ Հայաստանի մէջ, վտանգի պարագային ինչպէ՞ս կարելի է կանխարգիլել:
Այսօր աշխարհի մէջ արդէն ամէն մարդ բացէ ի բաց կը խօսի բռնութիւններու, կոտորածներու, անցեալի մէջ եղած դէպքերու մասին: Եթէ դուն այսօր չպայքարիս, կրնայ ըլլալ վաղն ալ դուն ենթարկուիս այդ ամէն ինչին: Ստրկութիւնը, բռնութիւնը, շահագործումը ազգային պատկանելիութիւն չունին:
ՃԵՐՄԱԿ ՍՏՐԿՈՒԹԻՒՆ
Թրաֆիքինկը մարդոց՝ ստրկական, սեռական, բռնի եւ չնչին վարձատրութեամբ աշխատանքի տեսքով անօրինական շահագործումն է։ Ան ծանր, անդրսահմանային, կազմակերպուած յանցագործութիւն մըն է եւ նոյնչափ շահութաբեր, ինչպէս նաեւ թմրամիջոցներու եւ զէնքերու ապօրինի վաճառքը։ Անձերու, մանաւանդ՝ կիներու եւ երախաներու շահագործումը կանխարգիլելու, զսպելու եւ պատժելու մասին արձանագրութիւնը ընդունուած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կողմէ՝ 2000 թուականին, Իտալիոյ Փալերմօ քաղաքին մէջ եւ ան ՄԱԿ-ի՝ «Անդրազգային կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ» արձանագրութեան մաս կազմող միջազգային համաձայնագիրն է:
Մարդկային շահագործումը կը նկատուի շահութաբեր արտադրութիւն։ 2004 թուականին ամբողջ աշխարհի տարածքին մարդկային շահագործումէն ստացուած տարեկան եկամուտը գնահատուած է 5-9 միլիառ ամերիկեան տոլար։
Ըստ 2008 թուականի ՄԱԿ-ի տուած գնահատականներուն՝ տարեկան մօտաւորապէս 2.5 միլիոն հոգի՝ 127 երկիրներէ 137 զանազան երկիրներու մէջ կ՚ենթարկուի մարդկային շահագործումի: Բայց եւ այնպէս, յստակ չեն այս տուեալները, որոնք միայն գնահատականներ են եւ կրնան անընդհատ փոխուիլ, քանի որ շահագործումը շարունակաբար կատարուող գործողութիւն մըն է:
Մարդկային շահագործումը կը տարբերի մարդոց մաքսանենգութենէն: Մաքսանենգութեան ժամանակ մարդիկ կամաւոր կը դիմեն մաքսանենգներու՝ զիրենք գաղտնի, անօրինական կերպով մէկ վայրէն միւսը տեղափոխելու համար։ Այս պարագային անօրինական փաստաթուղթերու մէջ խարդախութիւններ, սխալ տուեալներ կրնան չըլլալ, իսկ ժամանումէն յետոյ մաքսանենգուած անձը կրնայ ինքը ընտրել իր ճանապարհը։
Մինչդեռ մարդկային շահագործման զոհերուն կ՚արգիլուի ժամանումէ յետոյ հասնիլ իրենց նպատակային վայրը, անոնք իրենց կամքէն անկախ, բռնի կերպով կը պահուին եւ կը կատարեն հարկադրական աշխատանք։ Իսկ թէ ո՛րն է հարկադրական աշխատանքը, անոր բնոյթը նկարագրուած է Մարդկային շահագործման մասին արձանագրութեան մէջ. շատ յաճախ զոհերը ընդհանրապէս վարձատրութիւն ալ չեն ստանար, կամ կը ստանան շատ չնչին գումար մը՝ իրենց կատարած աշխատանքին փոխարէն։
Մարդկային շահագործման ենթարկուած անձը հարկադրուած աշխատանք կը կատարէ հետեւեալ պայմաններով.
Աշխատանք պարտքի դիմաց, օրինակ՝ որպէս վճար՝ որեւէ երկիր զինք տեղափոխելու համար:
Աշխատանք բռնի ուժով, այսինքն, երբ ուղղակի կը տնօրինեն մարդը:
Սեռական բռնութիւն. զոհերը հիմնականը թերահասներ, որբեր կամ պատանիներ կ՚ըլլան, բայց կրնան ըլլալ նաեւ թէ՛ կիներ եւ թէ տղամարդիկ, որոնք աւելի խոցելի են. կը գտնուին հոգեպէս կամ նիւթապէս ծանր վիճակի մէջ։
Անչափահասներու աշխատանք. սովորաբար երախաներուն կը հասցուին ֆիզիքական, հոգեբանական, ընկերային եւ բարոյական մեծ վնասներ, զանոնք կը զրկեն կրթութենէ, զարգացումէ եւ ընտանիք ունենալէ։
Ճիշդ է՝ բուն շահագործման համար մէկ վայրէ միւսը երթալը անհրաժեշտ պայման մը չէ, բայց զոհերու համար «աշխատատեղիներ» գտնող յանցագործները սփռուած են զանազան երկիրներու մէջ եւ կը ճանապարհորդեն նշուած նպատակով։ Խարդախութեամբ, խաբէութեամբ անոնք աշխատանքի կը տեղաւորեն զոհերը, որոնք շատ աւելի ուշ կը տեղեկանան իրենց իրական աշխատանքի բնոյթի եւ իրական աշխատավարձի քանակութեան մասին։
Մարդկային շահագործումի այս տեսակը կը կոչեն ճերմակ ստրկութիւն:
Միջազգային կառոյցները եւ պետութիւնները, այդ կարգին նաեւ Հայաստանը, մեծ պայքար կը մղեն մարդկային շահագործումի դէմ: Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքին համաձայն՝ անչափահասները շահագործման ենթարկելը կը պատժուի ազատազրկմամբ՝ եօթէն տասը տարի ժամկէտով, գոյքի բռնագրաւմամբ կամ առանց ատոր, որոշակի պաշտօններ զբաղեցնելու կամ որոշակի գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէ զրկելով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՎԱՆՑ
«Ժամանակ»