image

Թրամփ եւս մէկ տարիով երկարաձգած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները

Թրամփ եւս մէկ տարիով երկարաձգած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները

Թրամփ եւս մէկ տարիով երկարաձգած է Ռուսիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պայտընի սահմանած պատժամիջոցները։ Երկարաձգուած է նաեւ ռուսական աւանդներուն արգելափակումը։

Խօսքը 15 ապրիլ, 2021 թուականի գործադիր հրամանի մասին է, որ Պայտընի վարչակազմը բազմիցս ընդլայնած է եւ երկարաձգած։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնն ի սկզբանէ պատժամիջոցներ սահմանած է ռուսաստանցի ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձանց նկատմամբ, որոնք, ըստ ամերիկացի պաշտօնեաներուն, ներգրաւուած եղած են համացանցային յարձակումներու մէջ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ ընտրութիւններուն միջամտութեան, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները վնասելու կամ սպաննելու, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներէն խուսափելու ֆինանսական եւ այլ գործողութիւններուն մէջ: