image

«Զանգեզուրի միջանցք»ը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող նորմալացման գործընթացի տարրն է․ Ալիեւի յատուկ ներկայացուցիչ

«Զանգեզուրի միջանցք»ը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող նորմալացման գործընթացի տարրն է․ Ալիեւի յատուկ ներկայացուցիչ

«Զանգեզուրի միջանցքը» կրնայ դիտուիլ որպէս վստահութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ։

Յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով՝ ելոյթ ունենալով Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովի ժամանակ:

«Այս միջանցքը Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ պաշտօնական յարաբերութիւններու կարգաւորման շարունակական գործընթացի տարրերէն մէկն է։

Զանգեզուրի միջանցքը, իր զուտ առեւտրային նշանակութենէն դուրս, կը կարծեմ, կրնայ նաեւ դիտուիլ որպէս տարածաշրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց, քանի որ այն նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող նորմալացման գործընթացի տարրն է»,- նշած է Ամիրպեքով։