image

Հրաչ Գէորգեանի մասին, որ իր 5 երեխաները իբրեւ նուէր Հայաստան բերաւ. Կարինէ Աւագեան

Հրաչ Գէորգեանի  մասին, որ  իր  5 երեխաները   իբրեւ նուէր   Հայաստան բերաւ. Կարինէ  Աւագեան

Բազմաթիւ հարցազրոյցներ  ունեցած եմ սուրիական պատերազմի պատճառով Հայաստան հանգրուանած եւ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներէ հայրենադարձուած մեր հայրենակիցներու հետ, սակայն այս մէկը բացառիկ էր իր մասնակիցներու առումով` 5 փոքրիկներ, որոնցմէ երկուքը` երկուորեակ, իրենց ծնողներուն հետ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն եկած էին` մասնակցելու Աստուածաշնչեան ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածաշրջանի ընդհանուր քարտուղար, Միջին Արեւելքի Աստուածաշնչեան ընկերութեան խորհուրդի ատենապետ, դոկտոր Հրայր Ճեպէճեանի կազմած, Երեւանի մէջ բնակող սուրիահայ երիտասարդ ընտանիքներուն, երեխաներուն նուիրելու համար բերուած «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչ» գիրքի շնորհանդէսին:

…Վերելակի դռները բացուեցան, եւ… հրաշք` զարմացած աչուկներով 5 անուշիկ փոքրիկներ իրար ետեւէ ներս մտան.  Պահ մը ինծի թուեցաւ` երազի մէջ կը տեսնեմ այդ դէմքերը, յետոյ սթափեցայ եւ սկսայ զրուցել ծնողներուն ու երեխաներուն հետ: Երկու տղայ եւ 3 աղջիկ` հայրենադարձներու ընտանիքի մէջ… Ցանկացայ ուրախութիւնս կիսել գործընկերներուս հետ եւ անոնց ուղեկցեցի «Հայերն այսօր»-ի խմբագրասենեակ, ուր փոքրիկներու մուտքը նաեւ զարմանքով ու հիացմունքով ընդունուեցաւ: Այդքան մարդ տեսնելով` երեխաները ճուտիկներու պէս հաւաքուած էին իրար գլխու, իսկ յետոյ…կարեւորը յետոյ ինչ տեղի ունեցաւ, երբ սկսայ հարցեր տալ փոքրիկներուն. հարցուցի, թէ ով է անոնցմէ ամենախելօքը, եւ երեխաներէն ամէնէն աշխոյժ ու ժիր Դանիէլը ըսաւ` ե՛ս, երբ հարցուցի, թէ ով է ամենալաւ սորվողը, Դանիէլը դարձեալ ըսաւ` ե՛ս, իսկ երբ հարցուցի, թէ անոնցմէ ով  ամենաչարաճճին է, ան մատնացոյց ըրաւ միւս երեխաներուն…այդ պահուն մեծ քոյրը` Զեփիւռը եւ եղբայրը` Սարգիսը, կարծես ներողամտաբար, կը ժպտէին, իսկ զոյգ աղունիկները մոլորուած կը նայէին Դանիէլին: Անոնց նայելուս` ակամայէն յիշեցի Մանկական Աստուածաշունչին մէջ պատկերուած Յիսուսի շուրջը բոլորուած մանուկները եւ Տիրոջ ըսածները.«Թո՛յլ տուէք այդ մանուկներուն եւ մի՛ արգիլէք, որ անոնք  ինձ մօտ գան, որովհետեւ Երկնքի արքայութիւնը այդպիսիներունն է. ճշմարի՛տ կ’ըսեմ ձեզի, եթէ չդառնաք ու չըլլաք մանուկներու պէս, Երկնքի արքայութիւն չէք մտներ: Արդ, ով իր անձը կը խոնարհեցնէ` ինչպէս այս մանուկը, Երկնքի արքայութեան մէջ ա՛ն է մեծ: Եւ ով իմ անունովս  այսպիսի մանուկ մը ընդունելու ըլլայ, ի՛նձ կ’ընդունի»:

 Ի հարկէ, Տիրոջ խօսքը մանկան նման մաքուր ու անմեղ ըլլալու մասին է, ու ես այս 5 փոքրիկներէն իւրաքանչիւրի աչքերուն, հայեացքին մէջ դրոշմուած անմեղութեան, մաքրութեան կնիքը տեսայ, լսեցի անոնց թոթովանքները, ծնողներու` Հրաչ Գէորգեանի ու Արմիկ Յակոբի պատմութիւնները իրենց հայրենադարձուելու մասին, որ կը ներկայացնենք նաեւ մեր ընթերցողներուն:

«Ես ծնած եմ Սուրիա, 1988-ին Հալէպէն գացած եմ Լիպիա, այնտեղէն ալ ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, կ’ապրէի ու կ’աշխատէի Տուպայի մէջ. վերադարձայ Սուրիա, 2007-ին ամուսնացայ Արմիկին հետ եւ միասին գացինք Տուպայ: Ընտանիքս մեծցաւ, ծնան երեխաներս` 2008-ին` Զեփիւռս, 2010-ին` Սարգիսս, 2012-ին` Դանիէլս, 2013-ին ծնան Աննան ու Մերին,- իր ընտանիքին մասին անսահման սիրով եւ հրճուանքով կը պատմէ Հրաչ Գէորգեանը ու կը շարունակէ,– ես ուզեցի, որ իմ երեխաներս իսկական հայ մեծնան, հայերէնը չմոռնան եւ որոշեցի տեղափոխուիլ մեր Հայրենիք: Տուպայի մէջ անոնք արդէն կը յաճախէին անգլիական դպրոց, եւ վախ կար, որ  օր մը պիտի մոռնան հայերէնը` չնայած մեր ընտանիքը հայախօս է: Ես իմ երեխաներս բերի` նուիրելու Հայրենիքիս: Մեր երեխաները այստեղ շատ լաւ կը զգան, ընկերներ ունին, երբ կը հարցնեմ` երթա՞նք Սուրիա, կ’ընդդիմանանն. անոնք սիրեցին Հայաստան, արդէն կը խօսին արեւելահայերէնով: Բնականաբար, դիւրին չէր նոր կեանք սկսիլ, բայց Հայաստանի հանդէպ ունեցած մեր սէրը վեր էր ամէն ինչէ: Ես մեքենայի մասնագէտ եմ, աշխատանք չունիմ, կինս` Արմիկը, երեխաներուն կը  խնամէ, անոր գործը շատ է: Երեխաներուն համար նպաստ կը ստանանք, կրնանք ապրիլ: Մեծապէս շնորհակալ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարին, որ մեզի օգնութեան ձեռք մեկնեց, աջակցեցաւ, որպէսզի կարենանք յաղթահարել դժուարութիւնները, պահել երեխաները: Մեզի կ’օգնէ նաեւ հայաստանեան  հիմնադրամ մը` վճարելով մեր բնակարանի վարձի 60000 դրամը: Շնորհակալ ենք բոլորին. եթէ միայն ես կարենամ իմ մասնագիտութեամբս  աշխատանք մը գտնել, ամէն ինչ աւելի լաւ կ’ըլլայ. ամէնէն կարեւորն այն է, որ Հայրենիքի մէջ ենք»,- կ’ըսէ իմ զրուցակիցս, ու ես կը հաւատամ, որ այսպիսի ոգեւորութեամբ ու լաւատեսական տրամադրութեամբ ներշնչուած մեր հայրենակիցները անպայման պէտք է Հայրենիքի՛ մէջ իրականացնեն իրենց նուիրական բոլոր երազանքները:

… Հրաժեշտ կու տամ այս մեծ ու գեղեցիկ ընտանիքին, երկու ձեռքերով «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչ»-ը ամուր գրկած 5 փոքրիկ հրաշքներուն` հոգիիս ու աչքերուս մէջ անոնց անմեղ հայեացքները:

   Կարինէ Աւագեան 

«Հայերն այսօր»