Հայաստանը Իրանի մէջ հիւպատոսութիւն պիտի բանայ։ Համապատասխան որոշման նախագիծը ներառուած է կառավարութեան ապրիլ 25-ի նիստի օրակարգին մէջ։
Հիւպատոսութիւնը պիտի գործէ Թաւրիզ քաղաքին մէջ՝ փոխադարձութեան շրջածիրէն ներս՝ հաշուի առնելով, որ Իրանը 2022-ի հոկտեմբերին հիւպատոսութիւն բացած է Կապանի մէջ։
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Արեւելեան Ատրպատական նահանգը սահմանակցում է Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին, եւ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնումը մեծապէս կը նպաստի վարչատարածքային երկու միաւորների միջեւ առեւտրային, սոցիալ-մշակութային, միջմարդկային եւ զբօսաշրջային հաղորդակցութեան առաւել զարգացմանը»,- նշուած է որոշման հիմնաւորումներուն մէջ։