image
Հրատապ լուրեր:

Դատավճիռ ՝ նահատակ Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործով . Սալիմ Այաշ գլխաւոր մեղադրեալ

Դատավճիռ ՝ նահատակ Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի  սպանութեան գործով . Սալիմ Այաշ գլխաւոր մեղադրեալ

Լիբանանի համար հիմնադրուած միջազգային դատարանը (Լահէյ) ժամ մը առաջ հրապարակեց Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան  (14.02.2005) գործով վերջնական դատավաճիռը։ Ըստ հրապարակուած դատավճիռին վարչապետ Հարիրիին սպանութեան գլխաւոր մեղադրեալը՝ Սալիմ Այաշն է. կը նշուի նաեւ, որ Այաշ անդամ է «Հըզպալլա»ին եւ ան միտումնաւոր կերպով ղեկավարած է Հարիրիի սպաննութեան կազմակերպումն ու ապա գործադրումը։

  Ուշագրաւ էր, որ դատարանը զերծ մնաց քաղաքական մակարդակի որեւէ մեղադրանք ներկայացնելէ, պատասխանելու համար այն հարցումին, թէ ովքեր կը կանգնին այս սպաննութեան ետին, եւ ովքեր են ուղղութիւն տուած են Այաշին այդ ոճրային արարքը կազմակերպելու  ու նաեւ իրականացնելու համար։

 Նոյն առումով ուշագրաւ կը համարուի, որ դատարանը զերծ մնաց «Հըզպալլա»ի երեք այլ անդամներու՝Օնայսիի, Սապրայի եւ Մըրհի դէմ մեղադրանքներ հնչեցնելէ։

 

 Դատարանը նաեւ նկատել տուաւ, որ աւելի վաղ հրապարակուած այն լուրերը, ըստ որոնց Հարիրին ահաբեկուած է Ահմատ Ապու Ատաս անունով անծանօթ իսլամիստի մը ձեռամբ անհիմն են։

 

 Նշենք, որ Հարիրիի սպաննութեան գործով դատավճիռը հրապարակուեցաւ այսօր Լահէյի դատարանին մէջ, որուն նախագահողն էր դատախազ Տէյվիտ Ռէյ,  իսկ  դատական  նիստին  ներկայ էր նաեւ   Հարիրիի որդին՝  Սաատ Ռաֆիք Հարիրին։