image

«The Guardian» կը խօսի Սուրիոյ մէջ հասունացող նոր տագնապի մը մասին

«The Guardian» կը  խօսի Սուրիոյ մէջ հասունացող նոր տագնապի մը մասին

Բրիտանական «The Guardian» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր կը նշուի, թէ Յորդանան կը մերժէ սուրիացի նոր գաղթականներ ընդունիլ իր հողերուն վրայ, մինչդեւ սուրիական բանակը կը շարունակէ հարուածներ հասցնել երկրի հարաւային շրջաններու զինեալներուն, իսկ Իսրայէլ սկսած է զօրք ու զինամթերք տեղափոխել Սուրիա-Իսրայէլ սահման:

Թերթին փոխանցմամբ, ներկայիս պայքարը տեղի կ'ունենայ Յորդանանի եւ Կոլանի սահմանակից շրջաններուն մէջ, ուր հրթիռակոծումէն մազապուրծ փրկուած 11 հազար սուրիացի ապաստանած է:

Այս առթիւ, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու կառավարութեան նիստ գումարելով յայտնած է, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ պաշտպանել իր սահմանները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւններ տեղափոխել, սակայն թոյլ պիտի չտայ, որ փախստականներ մուտք գործեն իր մօտ, դիտել տալով, որ ինք այդ հարցը մշտապէս կը քննարկուի Սպիտակ Տան հետ:

Թերթին կարծիքով, Տարհայի ազատագրումը Ասատի վարչակարգի յաղթանակի գրաւականն է:

Իր հերթին, Հռոմի Պապը ցաւ յայտնած է Տարհայի մէջ տիրող իրավիճակին համար, կոչ ուղղելով անզէն քաղաքացիները զերծ պահել յաւելեալ աղէտներէ, միաժամանակ շեշտելով, որ իրավիճակը շատ ցաւալի է, որովհետեւ դպրոցներ ու հիւանդանոցներ թիրախաւորուեցան, եւ մեծ թիւով նոր գաղթականներ ի յայտ եկան: