image

Վարչապետը այցելեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայն Վրաց Պատրիարք Իլիա Բ.ին

Վարչապետը այցելեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայն Վրաց Պատրիարք Իլիա Բ.ին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Համայն Վրաստանի պատրիարք Իլիա Երկրորդի հետ:

Վրաստանի հոգեւոր առաջնորդը ողջունած է վարչապետ Փաշինեանի պաշտօնական այցը եւ վստահութիւն յայտնած, որ անիկա պիտի նպաստէ հայ-վրացական կապերու յետագայ զարգացման: «Մենք կ՛ապրինք դժուար ժամանակներու մէջ, բայց այդ դժուարութիւնները մենք պէտք է յաղթահարենք միասին: Յոյս ունիմ, որ մեր եկեղեցիներու յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն եղբայրական ըլլալ եւ պիտի նպաստեն երկու ժողովուրդներու փոխգործակցութեան յետագայ զարգացման»,- ըսած է Իլիա Երկրորդը:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած ջերմ ընդունելութեան համար եւ նկատել տուած, որ առաջին անգամ Իլիա Երկրորդի հետ հանդիպում ունեցած է 2018-ի Յունիսին, որմէ պահպանած է ջերմ յիշողութիւններ: «Այս ընթացքին մեր յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած է դրական շատ բան, մենք յաջողած ենք այնպէս ընել, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները շարունակեն զարգանալ»,- ըսած է վարչապետը: Ան ընդգծած է, որ երկու ժողովուրդներու` քրիստոնէական արժեհամակարգին հաւատարմութիւնը եւս մեծ դեր կը խաղայ քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ: «Ձեր աւանդը մեծ է այդ գործին մէջ եւ որուն համար կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել»,- ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետը աւելցուցած է, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններու խնդիրն է սերտ համագործակցութեամբ իրական փոփոխութիւններու հասնիլ եւ աւելի ամրապնդել փոխգործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ:

Մինչ Համայն Վրաստանի պատրիարքի հետ հանդիպումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ դրած է Թիֆլիսի «Հերոսներ»ու հրապարակի յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցած: