Սահմանադրական դատարանը՝ 14 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած աշխատակարգային նիստին որոշում կայացուցած է «Ազգային ժողովի դիմումի հիման վրայ՝ Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ» գործի վարոյթի ընդունումը մերժել։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՍԴ աշխատակազմի ղեկավար Էտկար Ղազարեանը։
Սահմանադրական դատարանի աշխատակարգային որոշումը պիտի հրապարակուի օրէնքով սահմանուած ժամկէտներուն։
Նշենք, որ գործող օրէնսդրութեան համաձայն՝ դիմումը ՍԴ մուտքագրուելէ ետք 7-օրայ ժամկէտի ընթացքին ՍԴ-ն աշխատակարգային նիստին որոշում կը կայացնէ վարոյթ ընդունիլ-չընդունելու մասին։
Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովը Հոկտեմբեր 4-ին, փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընդունեց ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով ՍԴ դիմելու նախագիծը։ Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով ՍԴ դիմելու նախաձեռնութեան հեղինակը «Իմ քայլը» խմբակցութիւնն է: Հրայր Թովմասեանի պնդմամբ՝ այս նախաձեռնութիւնը ունի քաղաքական եւ ենթակայական նպատակաուղղուածութիւն: Ան հրաժարած էր մասնակցելէ ԱԺ-ի այդ հարցի քննարկման: Հրայր Թովմասեանը ՍԴ նախագահ ընտրուած է 2018–ի փետրուարին։