Միքայէլ Աջապահեանի նկատմամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է: Այս մասին յայտնած են գլխաւոր դատախազութենէն:
Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի՝ «երկրին մէջ ռազմական յեղաշրջում ընելու» յայտարարութիւններու վերաբերեալ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է` իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն, ինքնիշխանութենէն հրաժարելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր ընելու համար։
«2025 թուականի յունիսի 17-ին նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն, ինքնիշխանութիւնից հրաժարուելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր անելը)»,- յայտնած են դատախազութենէն: