Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) բացայայտած է կաշառակերութեան նոր փորձ։ Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Արմէնբրէս» գործակալութիւնը նշելով, որ բացայայտումը կապ ունի ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան գնումներու ոլորտին հետ ։
Կը նշուի նաեւ, որ ՀՀ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն, ձեռք բերուած նախնական տուեալներու համաձայն՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնատար անձեր, մատակարար կազմակերպութեան հետ գալով յանցաւոր համաձայնութեան փորձած են կատարել յանցաւոր գործառք։ Խնդրին վերաբերեալ յարուցուած է քրէական գործ։