image

Երեւանի Քաղաքապետարանին մէջ կաշառակերութեան յանցանքով 2 անձ ձերբակալուած է

Երեւանի Քաղաքապետարանին մէջ կաշառակերութեան յանցանքով 2 անձ  ձերբակալուած է

Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ ապացուցողական եւ այլ վարութային գործողութիւններ իրականացուած են Հակափտածութեան (Հակակոռուպցիոն) կոմիտէի կողմէ քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։

Կաշառք ստանալու մեղադրանքով ձերբակալուած է քաղաքապետարանի 2 պաշտօնատար անձ, յայտնած է ՀՀ հակափտածութեան (հակակոռուպցիոն) կոմիտէի նախագահի մամուլի քարտուղար Մարինա Օհանջանեանը:

Այլ մանրամասնութիւններ դեռ չեն յայտնած` նախաքննութեան շահերէն ելլելով։