image

Հայաստան չէ պարտուած, իսկ Ատրպէյճանն աւերուած է. Ատրպէյճանցի լրագրող

Հայաստան չէ պարտուած, իսկ Ատրպէյճանն աւերուած է. Ատրպէյճանցի լրագրող

Հայաստան չէ պարտուած, իսկ Ատրպէյճանն աւերուած է. Ատրպէյճանցի լրագրողԱտրպէյճանցի լրագրող՝ Աֆղան Մուխթարլին խոր ափսոսանք յայտնած է, որ Հայաստանը չէ պարտուած, բայց Ատրպէյճանը աւերուած է. կը հաղորդէ TolishMedia-ն։

Նախիջեւանի պայմանագիրի ժամկէտը կը լրանայ 2021-ի մարտին: Ռուսաստանը չուզեր զայն թարմացնել: Այս է պատերազմի պատճառներէն մէկը: «Խոր ափսոսանքով կ'ըսեմ, որ Ատրպէյճանը կը կորսնցնէ Մինկեչաուրի ջրամբարը եւ Հայաստանը կը ստանայ Ռուսաստանի հետ ուղիղ սահման»,- գրած է լրագրողը:

Արցախը կը ստանայ ՄԱԿ-ի մանտաթ, Ռուսաստանը կը դառնայ երաշխաւոր, խաղաղապահներ կը տեղակայուին, Արցախի տարածքը կ'ընդլայնուի մինչեւ Ռուսաստանի սահմաններ եւ Ատրպէյճանը կը կորսնցնէ Մինկեչաուրի ջրամբարը:

Փաստացի, Հայաստանը Ռուսաստանի կազմէն ներս կը ստանայ առանց այդ ալ անխոցելի Արցախը, Ռուսաստանի հետ կը ստանայ ուղիղ սահման, կը վերանան երթեւեկութեան կախուածութիւնը Վրաստանէն եւ Հայաստանի 30-ամեայ շրջափակումը:

Թուրքիան կը ստանայ Նախիջեւանը, կ'ապահովէ Ալիեւներու խմբակը, բայց ոչ կառավարութեան անվտանգութիւնը: Իսկ 2021-ին հայ-ռուսական դաշինքը ետ կը վերցնէ Նախիջեւանը Թուրքիայէն:

«Ալիեւը պէտք է պատասխանատւութիւն կրէ մարդոց առջեւ աւելի քան 15,000 կեանքերու եւ հողերու կորուստին համար»,- յայտարարած է Ատրպէյճանցի լրագրողը։