image

Հալէպ. Հակառակ երկրի ծանր դրութեան «Կրթասիրաց»ի սաները 2000 ԱՄՆ տոլար նուիրած են «Հայաստան հիմնադրամ»ին

Հալէպ. Հակառակ  երկրի ծանր դրութեան «Կրթասիրաց»ի սաները 2000  ԱՄՆ տոլար նուիրած են «Հայաստան հիմնադրամ»ին

Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն   Հալէպի «Կրթասիրաց» վարժարանի սաները, ինչպէս նաեւ «Սարգիս Չէմպէրճի»  վարժարանի  խնամակալութիւնը  մեծ ճիգեր  գործադրելով կարողացած են նիւթական շօշափելի  օժանդակութիւն առաքել Հայաստան։

 

 «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ «Կրթասիրաց մշակութային միութեան» եւ «Սարգիս Չէմպէրճի երկրորդական վարժարանի»ն մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը։

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ  հայոց հերոսական բանակին այս օրհասական օրերուն ուղարկուած գումարը կը կազմէ  2000 ԱՄՆ տոլար։

 

 

Յիշեցնենք, որ անցեալ  սեպտեմբերին Արցախի դէմ  շղթայազերծուած պատերազմի սկիզբէն ի վեր սփիւռքի տարբեր ծագերուն հայկական գաղութներ մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերելով կարողացած են  մասնակցութիւն  բերել եւ օժանդակել համահայկական նուիրահաւաքին։