Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է ամերիկահայ երաժիշտ Ռոպէրթ Ասլանեանը, որ յայտնի էր «Պոպի Լէյն» ծածկանունով։
Այս մասին «Արեւելք»-ին յայտնեցին Միացեալ Նահանգներէն։
Շատ հաւանական է, որ Ռոպէրթ Ասլանեան կ՚ապրէր մեկուսացած կեանք մը եւ վերջին տարիներուն առնչութիւն չէ ունեցած տեղի հայկական համայնքին հետ։ Ասլանեանի մահուան լուրը գուժած է նաեւ ամերիկացի յայտնի կիթառահար՝ Ալ Տի Միոալան, որ նաեւ յայտնած է, թէ հանգուցեալը իր սիրելի ուսուցիչն էր, որուն ներդրումը մեծ եղած է ամերիկայի երաժշտական շրջանակներուն համար։
Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը 78 տարեկան էր։