Մարիա Գէորգեանը ՖԻԴԵ-ի միջազգային վարպետ է, Հայաստանի ճատրակի կանանց եռակի ախոյեան եւ միջազգային մրցաշարերու մրցանակակիր:
Գէորգեանի խօսքով, ինք որեւէ յատուկ ցանկութիւն չէ ունեցած մասնակցելու թրքական մրցաշարին, սակայն 7 օգոստոսին հրաւէր ստացած է կազմակերպիչներէն, որոնք նաեւ առաջարկած են վճարել ճանապարհածախսի եւ կեցութեան համար:
Գէորգեանը, ի վերջոյ, համաձայնած է, սակայն շուտով կազմակերպիչներէն Մուսթաֆա Էրօղլուն չեղարկած է հրաւէրը:
Ան գրած է Գէորգեանին, որ ատրպէյճանցի ճատրակի մարզիկները վերջնագիր ներկայացուցած են. եթէ մրցաշարին հայ մասնակից ըլլայ, իրենք կը հրաժարին մասնակցելէ:
Գէորգեանը Facebook-ի իր էջին հրապարակած է Էրօղլուի հաղորդագրութեան լուսանկարը:
«Իւրաքանչիւր երկրի մէջ, ուր որ ելոյթ ունենամ, ես միշտ յարգանքով վերաբերած եմ բոլոր ընդդիմախօսներուն՝ անկախ անոնց ազգութենէն կամ քաղաքական հայեացքներէն»,- գրած է Գէորգեանը:
Մարիա Գէորգեանը բողոք յղած է ՖԻԴԵ-ին: Անոր խօսքով՝ հրաւէրի չեղարկումը իր ազգութեան պատճառով կը համարէ խիստ վիրաւորական:
Գէորգեանի հաղորդմամբ՝ Էրօղլուն կապուած է իր հետ եւ մեղադրած նամակագրութեան գաղտնիութիւնը խախտելու մէջ՝ սպառնալով դատի տալ: