Հալէպի մէջ սպաննուած է Շանթ Քէօշկէրեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրներէն։
Մեր ունեցած տուեալներով Շանթ զոհուած է կրակոցով: Դէպքը պատահած է Մարթինի փողոցին մէջ։ Դէպքին մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն։
Կը նշուի նաեւ, որ ապահովական մարմիններ յաջողած են ձերբակալել եւ բերման ենթարկել յանցագործը։
Շանթ 17 տարեկան էր, ան ծնած էր Հալէպի մէջ։