image
Հրատապ լուրեր:

«Պատերազմի պատճառած վէրքերը դիւրաւ չեն սպիանար». Դամասկահայ գործիչ Շանթ Քէշիշեան

«Պատերազմի պատճառած վէրքերը դիւրաւ չեն սպիանար». Դամասկահայ գործիչ Շանթ Քէշիշեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ դամասկահայ  հասարակական  գործիչ Շանթ Քէշիշեանը։

 

-Ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէր Դամասկոսի մէջ տօնական օրերուն  եւ ի՞նչպէս  պատրաստուեցաք նշելու տօնական օրերը:


Դամասկոսի մէջ ներկայիս կը տիրէ խաղաղ վիճակ: Անցնող ապրիլ ամիսէն սկսեալ քաղաքի ապահովական իրավիճակը աստիճանաբար կը լաւանայ: Անշուշտ այս կապուած է Դամասկոսի շուրջ գտնուող զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ եղած շրջաններու ազատագրումով, որ, ինչպէս գիտէք, յաջորդաբար տեղի ունեցաւ,նախ զինուորական գործողութիւններով, ապա համաձայնութիւններով, որոնց հիման վրայ զինեալները յանձնեցին տարածքները, ու շատեր մեկնեցան տակաւին զինեալներու հակակշիռին տակ գտնուող Իտլիպ նահանգ:

Ս. Ծննդեան ու Նոր տարուան տօները, քրիստոնէական տօներ ըլլալով հանդերձ, Դամասկոսի մէջ  ալ   զգալի կերպով կը նշուին, անշուշտ շնորհիւ պետութեան քաղաքականութեան, որ կը յարգէ փոքրամասնութիւններու կրօնական տօներն ու աւանդութիւնները: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով տօները, ինչպէս նաեւ նախորդող Իսլամական երկու մեծ տօները նշուեցան առանց հրասանդներու, ռումբերու ու  պայթումներու։ Քաղաքին մէջ տիրող տօնական մթնոլորտը զգալի էր: Փողոցները զարդարուած են ու լուսաւորուած, մանաւանդ քրիստոնէաբնակ շրջաններուն մէջ: Տօնական զարդարանքները անգամ մը եւս երեւցան տուներու լուսամուտներէն: «Ապպասիին»  հրապարակը, որ ամենավտանգաւոր հրապարակներէն մէկն էր ու կը գտնուի «Ժոպար» ու «Այն Դարմա» գիւղաքաղաքներուն շատ մօտիկ, ուր տեղի ունեցած էին ահաւոր մարտեր ու բազմաթիւ անգամներ հրապարակը թիրախ դարձած էր ռմբակոծումներու,այս տարի այնտեղ զետեղուեցաւ հսկայ տօնածառ մը, որուն բացումը կատարուեցաւ մեծ շուքով: Այսպէս էր այս տարուան տօնական վիճակը: «Պապ Թումա»ի ամայացած թաղերն ու շուկաները, անգամ մը եւս խճողուած էին եւ ոչ միայն շրջանի բնակիչներով, այլ ամէն տեղէ եկած սուրիացիներով, որոնք կ'ուզէին վայելել տօնական մթնոլորտը։

Նշեմ, որ անցնող օրերուն կազմակերպուեցան քանի մը սկաուտական տողանցքներ, որոնք շրջեցան «Պապ Թումա»ի, «Քասսահ»ի եւ այլ քրիստոնէական շրջաններուն մէջ: Տեղի ունեցան Ս. ծննդեան նուիրուած երգչախմբային համերգներ, մանաւանդ նշանաւոր «Ալ Ֆարահ» (Յոյն կաթողիկէ) երգչախումբին կողմէ։ Ի  դէպ ըսեմ  նաեւ, որ այս երգչախումբը Սուրիոյ  պատերազմի ամենատագնապալի օրերուն ալ  շարունակեց իր գործունէութիւնը, տալով ն նահատակներ, որոնք   զոհուեցան երգչախումբի փորձի երթալու ճամբուն վրայ:

Իսկ հայկական առումով, ներկայ ապահով վիճակը խթանեց միութիւններու գործունէութիւնները: Անցնող ամիս տեղի ունեցան երկու շատ յաջող Ս. ծննդեան նուիրուած տօնավաճառներ մին՝ կազմակերպութեամբ սուրիահայ օգնութեան խաչի Դամասկոսի Էրեբունի մասնաճիւղին, միւսը՝ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան Տիկնանց վարչութեան:  Հայ կաթողիկէ Ամինեան սրահին մէջ, Ս.Սարգիս եկեղեցւոյ հովանին վայելող «Երազ» մանկապատանեկան երգչախումբը նոյնպէս տօներու նուիրուած ելոյթ

մ՚ունեցաւ եւ այսպէս տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ:

 

-Արդեօ՞ք քաղաքի ապահովական վիճակը կայո՞ւն է, ընդհանրապէս քաղաքին մէջ տեղաշարժը, մարդոց կեանքը, առօրեայ գործերը սահուն կ'ընթանա՞ն, թէ որոշ սահմանափակումներ կան տակաւին՞ 


Դամասկոսի մէջ ապահովական վիճակը կրնանք համարել կայուն: Անցնող քանի մը ամիսներուն ապահովական առումով յատկանշական որեւէ խախտում չնկատուեցաւ: Ապահովական վիճակի բարելաւումով ալ քաղաքին մէջ տեղաշարժը դարձաւ աւելի հեզասահ: Տագնապի օրերուն քաղաքին մէջ տեղակայուած էին բազմաթիւ անցարգելներ, որոնք շատ խիստ ստուգումներ կը կատարէին: Բազմաթիւ փողոցներ, հրապարակներ ամբողջովին փակ էին, որուն պատճառով  ալ սահմանափակուած էր մարդոց տեղաշարժը: Պետական շէնքերու շուրջ զետեղուած էին հսկայ պարիսպներ: Այս ամէնը այսօր աստիճանաբար կը վերանան,անցարգելները շատ նուազեցան ու քաղաքիս գրեթէ բոլոր փողոցներն ու պողոտաները բաց են: Անշուշտ այս ամէնը քաղաքին մասին է,  սակայն ազատագրուած շրջաններ մուտքն ու ելքը տակաւին սահմանափակուած է: Բանակը պարբերաբար կը յայտարարէ, որ պիտի  վերացնէ վտանգաւոր  համարուող գետնանցքներն ու զինեալներուն    թողած խրամատները: Այդ շրջաններէն շատերը տակաւին անմարդաբնակ են, բազմաթիւ փլած շէնքերով, որոնց վերաշինութիւնն ու վերակերտումը մեծ աշխատանքներու, ծրագիրներու ու ջանքերու կը կարօտի:

Քաղաքին մէջ զգալի աշխուժութիւն կը տիրէ: Շատ մը վաճառատուներ վերանորոգուած են, մարդոց գործերը կ'ընթանան բնականոն կերպով: Անշուշտ որ պատերազմի պատճառած վնասները շատ են ու դիւրաւ չեն սպիանար: Շատեր կորսնցուցած են հարազատներ, տուն-տեղ, աշխատանք, քաղաքին մէջ տակաւին կ'ապրին բազմաթիւ գաղթականներ: Երկրի տնտեսական վիճակն ալ անշուշտ մեծ անկում ապրած է: Սուրիական դրամանիշի անկումը, կրկնուող վառելանիւթի տագնապները մանաւանդ ձմերան պաղ օրերուն, ելեկտրականութեան ընդհատումներու վերադարձը, մարդոց եկամուտներու անբաւարարութիւնը շատ ցաւալի խնդիրներ են, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին բազմաթիւ դամասկաբնակներ: Այդուհանդերձ կրնանք հաստատել, որ Դամասկոսի մէջ վիճակը էապէս փոխուած է դէպի լաւ: Վստահաբար այլ քաղաքներ եւս ներկայիս կը գտնուին աւելի տանելի պայմաններու մէջ, ինչպէս Լաթաքիա, Հոմս, Թարթուս, Հալէպ եւ այլն: Անշուշտ այս բոլորը կապուած է ընդհանուր ապահովական իրավիճակի բարելաւման հետ, որուն նաեւ կը յաջորդեն քաղաքական բարելաւումի նշաններ: Յորդանանի հետ սահմանի բացումը,Արաբական Էմիրութիւններու ու Պահրէյնի տարիներէ ի վեր փակ դեսպանատուներու վերաբացումը ցուցանիշեր են իրավիճակի մեղմացման ու Սուրիոյ հանդէպ թշնամական կեցուածքներու աստիճանաբար վերացման:

 

-Վերջին շրջանին Իսրայէլ քանիերորդ անգամն է, որ կը հարուածէ Դամասկոսը եւ տարբեր թիրախներու կ'ուղղէ իր հրթիռները, սակայն յստակ տուեալներ կը պակսին, թէ ի՞նչ կը կատարուի իսկապէս Դամասկոսի մէջ, ի՞նչ տեղեկութիւն կրնաք տալ այդ մասին:


Իսրայէլի ոտնձգութիւնները Սուրիոյ հանդէպ բազմաթիւ անգամներ կրկնուեցան տագնապի անցող տարիներուն եւ աւելի առաջ: Թիրախները սովորաբար, ինչպէս կը տեղեկացնէ սուրիական պետական լրատու գործակալութիւնը, կ'ըլլան քաղաքին շուրջ տեղակայուած զինուորական ստորաբաժանումներ եւ Դամասկոսի միջազգային օդակայանի շուրջ գտնուող որոշ կառոյցներ: Նախապէս հարուածուեցան  Դամասկոսի մօտ գտնուող գիտահետազօտական կեդրոններ, նոյնպէս Լաթաքիոյ եւ այլ քաղաքներու շուրջ գտնուող կեդրոններ:

Իսրայէլ ոչ մէկ անգամ Դամասկոս քաղաքի կեդրոնական մասը հարուածեց, սակայն արուարձաններն ու շրջակայքը ենթարկուեցան նման հարուածներու: Անցեալ ամիս կատարուած հրթիռային յարձակումի ժամանակ, ինչպէս նախորդ անգամները, լսուեցան հզօր պայթումներ, պարզ աչքով տեսանելի էին նաեւ սուրիական հակաօդային համակարգի հրթիռները, որոնք արձակուեցան ու ըստ պետական տուեալներուն, յաջողութեամբ դէմ դրին ու վար առին բազմաթիւ հրէական հրթիռներ: Այս հրթիռային յարձակումներուն հետեւանքով Դամասկոսի մէջ կեանքի բնականոն ընթացքը չխանգարուեցաւ: Ափսոս, սակայն, որ այս անարդար յարձակումներու պատճառաւ կը նահատակուին զինուորներ, կը վիրաւորուին շատերը ու նիւթական վնասներ կ'արձանագրուին:

 

- Գիտենք, որ  դուք    աշխոյժ  անդամներէն էք  Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ համայնքի։ Ի՞նչ  տեղեկութիւններ կրնաք   տալ մեզի՝   կապուած  յատկապէս Դամասկոսի  հայ կաթողիկէ համայնքին։


Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ համայնքը ունի հայախօս զաւակներ ու արաբախօսներ, որոնք թիւով աւելի շատ են: Տագնապի տարիներէն առաջ բաւականին աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր Հայ կաթողիկէ միութիւնը, տանելով մշակութային ու դաստիարակչական աշխատանք: Ինչպէս գիտէք, Սուրիոյ տագնապի հետեւանքով յառաջացաւ գաղթի ալիք մը, որ բաւականին նօսրացուց հայութեան թիւը, թէ՛ Հալէպի, եւ թէ՛ Դամասկոսի մէջ ու ամէն տեղ,  որուն  պատճառով Հայ կաթողիկէ համայնքի հայախօս հատուածը, որ արդէն փոքրաթիւ էր, մեծապէս տուժեց: Հայ կաթողիկէ Միութիւնը կորսնցուց իր գործօն տարրերու եւ երիտասարդներու մեծ տոկոսի: Այդպէս ըլլալով հանդերձ, Միութիւնը շարունակեց ու կը շարունակէ գործել եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: Տիկնանց վարչութիւնը ունի աշխոյժ գործունէութիւն, իսկ ներկայիս վերահաստատուած ապահովութիւնը բազմաթիւ կարելիութիւններ կ'ընձեռէ վերակազմակերպելու գործունէութիւնը՝ միութեան, որ 2019-ին կը բոլորէ իր 75 -ամեակը:

Ինչ կը վերաբերի համայնքի եկեղեցական կառոյցին, ան պատերազմի տարիներուն գործեց ու ներկայիս ալ կը գործէ անխափան, գլխաւորութեամբ համայնքի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ.  Յովսէփ եպս.Առնաութեանի, որ պաշտօնի վրայ է 1997 թուականէն ի վեր: 2010 թուականէն ի վեր համայնքի ժողովրդապետն է Գերապատիւ Գէորգ վրդ.Պահէեանը, որ նոյնպէս կը վարէ դպրոցներու տնօրինութիւնը:

Համայնքը ունի դպրոց, որ կը գործէ  եկեղեցւոյ կից, նախակրթարանի՝ «Փարոս» վարժարան եւ երկրորդական եւ միջնակարգ՝ «Լոյս» ճեմարան, բաժիններով: Դպրոցը ունի մեծ թիւով աշակերտութիւն ու այս տարի ապահովական վիճակի բարելաւումով շատ լաւ տարեշրջան մը կը բոլորէ, ափսոս որ հայ աշակերտները մեծամասնութիւն չեն կազմեր, բայց անոնք ունին իրենց հայերէն լեզուի դասապահերը: Պատերազմի տարիներուն բազում անգամներ դպրոցն ու եկեղեցին թիրախ դարձան հրասանդերու, ունենալով նահատակ մը ու վիրաւորներ: Համայնքը ու ՀԿՄ-ը աշխոյժ մասնակցութիւն ունին գաղութային կեանքին մէջ, լաւագոյն յարաբերութիւններ ունենալով Հայոց թեմի Առաջնորդութեան ու ներկայ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ եպս.Նալպանտեանին հետ ու բոլոր միութիւններուն հետ անխտիր: Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող «Ամինեան» սրահը գաղութիս մշակութային գործունէութիւններու նախնտրուած վայրն է:

Այս է ընդհանուր պատկերը համայնքին, իսկ արաբախօս տարրը, նոյնպէս կապուած է եկեղեցւոյ: Շատեր մեծապէս կը հետաքրքրուին հայկական հարցերով ու հայութեամբ:

Նշեմ, որ համայնքի մեծագոյն բարերարները եղած են Քուտսի ընտանիքի անդամները, որոնք  50-ական թուականներուն գնած են տարածքը, ինչպէս նաեւ շինել տուած են դպրոցի շէնքը, Ամինեան սրահն ու եկեղեցւոյ կից միւս շինութիւնները ու համայնքին նուիրած: Համայնքէն ներս նաեւ ներկայութիւն են Անարատ Յղութեան Միաբանութեան քոյրերը, որոնք ունին իրենց վանքը, նոյնպէս «Ծաղկանց» մանկապարտէզը, «Պապ Թումա» շրջանին մէջ, եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու:

Յոյսով ենք, որ ամբողջ Սուրիան շուտով կը վերագտնէ  լիակատար խաղաղութիւն ու կարելի կ'ըլլայ վերականգնել այն ինչ, որ պատերազմի տարիներուն կորսնցուցինք: