image

Անգարայի Պայթումին Վիրաւորուած Ռուտի Սայաթ Փոլատեան Խօսեցաւ «Արեւելք»ին

Անգարայի  Պայթումին Վիրաւորուած Ռուտի Սայաթ  Փոլատեան  Խօսեցաւ «Արեւելք»ին

 «Անգարայի ցոյցին մասնակցեցայ    խաղաղութեան համար» «Արեւելք»ին ըսաւ   Ռուտի Սայաթ  Փոլատեան: Փոլատեան, որ վիրաւորուած էր Անգարայի ցոյցին   ժամանակ գրանցուած   ահաբեկչկան պայթումին հետեւանքովդիտել տուաւ, թէ   իրենք ցոյց ըրած էին  յանուն խաղաղութեան:  Փօլատեան նաեւ  ըսաւ, որ ինք   անդամ է HDP  կուսակցութեան եւ իրենց  աշխատանքները  իշխող AKP   կուսակցութեան   սխալ քաղաքականութեան հակազդելու համար են: «Ցոյցի  ընթացքին եղած պայթումին հետեւանքով  102 անձեր սպաննուեցան, բայց մենք կը շարունակենք մեր   պայքարը» ըսաւ ան  դիտել տալով, որ  Թուրքիոյ  բոլոր շրջանները  կը գտնուին  պատերազմի լուրջ սպառնալիքի տակ:  «Ան, որ  AKP կուսակցութեան կարծիքէն զատ   այլ կար­ծիք ունը այսօր կը գտնուի ձերբակալուելու եւ բանտը նետուելու  վտանգին դիմաց»:  Փօլատեան նաեւ  ըսաւ, որ     Պոլսոյ եւ տարբեր   շրջաններու  մէջ HDP   կուսակցութեան դէմ ճնշումի շեշտուած քաղաքականութիւն     կը գործղադրուի եւ  երէկ        իշխանութիւնները  արգելք հանդիսացած են, որ  HDP իր նախընտրական ծրագիրը   տարածէ: Փօլատեան,  որ կարեւորեց      1 Նոյեմբերին   տեղի ունենալիք   խորհրդարանական ընտրութիւնները նաեւ նշեց, որ «Թուրքիոյ մէջ խաղաղութիւն ուզողները պիտի  յաղթեն եւ  պատերազմ ուզողները պիտի պարտուին»: