«Ես այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աչքին կը շարունակեմ մնալ իբրեւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ»,- այսօր լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Տ. Արամ արք. Աթէշեան: Սրբազան հայրը նաեւ ներկայացուց այն իրագործումները, որ կատարած են անցնող ութ տարիներուն՝ յիշեցնելով, որ միաբանութեան բոլոր անդամները, աշխարհական գործիչները եւ նոյնիսկ օտարները գնահատած են իր գործունէութիւնը: «Այսօր Պոլսոյ մէջ զիս քննադատողները համայնքի մեծամասնութիւնը չի ներկայացներ եւ անոնք, որ զիս կը քննադատեն եւ նոյնիսկ հայհոյալից ոճով կը խօսին իմ հասցէին, անոնք փոքրամասնութիւն են»:
Համայնքը չորսի բաժնուած է
Աթէշեան սրբազան նաեւ նշեց, որ այսօր Պոլսոյ համայնքը բաժնուած է չորս կողմի. «Կան Պեքճեան սրբազանի կողմնակիցները, կան Սահակ սրբազանի եւ Սեպուհ սրբազանի, Պեքճեան սրբազանի եւ իր կողմնակիցները»: Ան նաեւ պատմեց վերջերս Պոլսոյ կուսակալութիւն իր եւ Սահակ սրբազանի տուած այցելութեան մասին, նշելով նաեւ, որ կուսակալութիւնը չընդունիր Տ. Գարեգին սրբազանին տեղապահութիւնը: Ան այս առումով ըսաւ. «Որպէսզի կարողանանք ընտրութիւն կատարել, Պեքճեան սրբազան պէտք է հեռանայ իր պաշտօնէն, եւ ես անձամբ ըսած եմ այդ մէկը սրբազանին»:Աթէշեան սրբազան նաեւ ըսաւ, որ ցայսօր ալ պետութեան մօտ ինք կը շարունակէ մնալ եկեղեցւոյ գլխաւոր ներկայացուցիչը եւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը:
Աթէշեան սրբազան նաեւ խօսեցաւ Գերմանիոյ Պունտէսթակին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման օրերուն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին դատապարտման նամակին մասին, նշելով, որ ինք հետեւած է իր նախնիներուն օրինակներո,ւն ըսելով, «Ես Թուրքիոյ մէջ գործող կրօնաւոր առաջնորդ եմ եւ չեմ կրնար պետութեան դէմ ապստամբիլ»:
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ պատրիարքութեան տագնապը սկիզբ առած էր, երբ կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեանը հրաժարած էր իր պաշտօնէն եւ ծանր մեղադրական նամակ մը հրապարակած էր՝ դժգոհելով առկայ խնդիրներէն:
Տագնապի թէժացումէն ետք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անմիջական միջնորդութեամբ Պոլսոյ գլխաւոր երկու եպիսկոպոսներն ու Գերմանիոյ Թեմի առաջնորդ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանը կը հրաւիրուէին Մայր Աթոռ, ուր եւ տեղի կ'ունենային փակ քննարկումներ, որուն արդիւնքով ալ կը հրապարկուէր յատուկ հաղորդագրութիւն:
Ժողովէն ետք 15 մարտին Պոլսոյ միաբանական ժողովը դռնփակ նիստ մը գումարելով Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանը կ'ընտրէր աթոռի տեղապահ:
Այս բոլորէն ետք տագնապը ցայսօր ալ կը շարունակուի: Մինչ տեղապահ Պեքճեան կը շարունակէ մնալ իր պաշտօնի գլուխ, անոր տնօրինութեամբ կազմուած եւ Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպող «Նախաձեռնարկ մարմին»ը յայտնուած է բաւական լուրջ խնդիրներու առաջ եւ անոր կազմի որոշ անդամներ հրաժարած են իրենց պաշտօնէն: