image

Ալ կը բաւէ

Ալ կը բաւէ

Եւ երբ նման ատելութիւնը, ոչ թէ միայն չի մեղմացուիր պատասխանատու դիրք զբաղեցնողներու կողմէ՝ այլ կը քաջալերուի, կ՚ունենանք այն ինչ ունինք. այսինքն, հասարակութիւն եւ շրջանակ, որ վատոգի ցեխարձակումներով եւ մոլուցքով կը սնանի, ատելութեան խօսքի եւ գրութիւններու մէջ կը տապկուի, եւ նաեւ այս բոլորի վրայ ու փլատակներով հպարտ պատասխանատու խաւ։

 

 Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական գործիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝

Երկար պիտի գրեմ, եթէ համբերութիւն ունիք՝ կարդացէք։

Մի քանի օր առաջ, գրառում մը ըրած էի ուր իմ յուսախաբութիւնս, եւ նաեւ զզուանքս յայտնած էի մեր իրականութեան մէջ առկայ տարբեր երեւոյթներու գծով, երեւոյթներ որոնք նուազագոյնը կը խօսին տգիտութենէ, բայց նաեւ ատելութեան ունակութենէ եւ պոռոտախօսութենէ։ Գրառումէս ետք, չ՚ուշացան ընկերներու կողմէ հարցադրումներ, յորդորելով զիս որ որոշ անուններ եւ օրինակներ բացայայտեմ, ու պախարակեմ մարդիկ որոնց մասին վերոյիշեալ վերագրումները ըրած եմ։ Ընկերներէս ոմանք կը յուշէին, թէ առանց որոշակի օրինակներու, անկարելի է բան հասկնալ, ալ ուր մնաց թերութիւններ սրբագրել։ Օքէյ՝ հասկցայ։

Անմիջապէս նշեմ թէ մէկ անձի կամ մէկ առիթի պատճառով չէր որ վերոհիշեալ գրառումը կատարած էի, այլ տարիներու վրայ Ֆէյսպուքը կեղտոտած տիպարներու ատելութիւնն ու ցեխարձակումները վկայելով։ Բնականան է որ առաջին հերթին աւելի վրդոված պիտի ըլլամ իմ հասցէիս կատարուած վատոգի գրառումներով, շատ յաճախ մարդոց կողմէ որոնք հետս երկու բառ իսկ փոխանակած չկան. կամ աւելի վատը, ստահակներու կողմէ որոնց կրնամ երկար տարիներ միմիայն նպաստած ըլլալ, բայց որոնք շնորհակալ ըլլալու փոխարէն, զիս, ընտանիքս եւ ընկերներս ամենէ լկտի կերպով կը ցեխարձակեն։ Այսպիսիները, իրենք իրենց խիղճերը դաւաճանելով, պաշտօններու վրայ գտնուող խանդոտ հիւանդներու հաճոյանալու համար, կամ չգիտես ի ՞նչ հրեշային մղումներով, շարունակած են դաւաճանել ճշմարտութիւնն ու նոյնիսկ իրենց սեփական խիղճերը, եւ մութին մէջ շարունակած են արձակել հայհոյանքներ, պիտակաւորումներ, եւ ատելութիւն։ 

 

Որքան ալ որ պիտի ուզէի հասցէագրել քննադատութիւններս, եւ յականէ-անուանէ պախարակել վերոյիշեալներէն ոմանք որոնք մասնակից են մեր հաւաքական կեանքը տիղմի մէջ քաշելու գործին, այսուհանդերձ նման բան իմ տեսակիս անյարիր է, քանզի այդպիսով կրկնած կ՚ըլլամ նոյն յոռի ընթացքը որ ես ինքս քննադատած եմ։

Հետեւաբար, որոշեցի միայն մի քանի օրինակներ ներկայացնել ձեզի, առանց անուններ թուելու, սակայն որոշ մանրամասնութեամբ նկարագրելու այն տեսակը, այն կեղտը, որուն շնորհիւ այսոր կը հիւծի եւ կը սպառի մեր հաւաքական կեանքը։

Առաջին օրինակը, մարդ է որ ինքզինք լրագրող-խմբագիր-մտաւորական կը ներկայացնէ։ Պէյրութէն ԱՄՆ-ի արեւելեան ափ հասնելէ, եւ մի քանի տարի այդտեղ հայկական իրականութեան մէջ վճարովի պաշտօն զբաղեցնելէ ետք, գործէ կ՚արձակուի իր ծուլութեան եւ այլ սայթաքումներուն պատճառով։ Իմ նմաններու միամտութեան բերումով, իրեն ԼԱ-ի մէջ եւս կարեւոր դիրք կը տրամադրուի, որմէ եւս մի քանի տարի ետք ան կը հեռացոի իր ծուլութեան եւ յոռի բարքերուն պատճառով։ Ես, ի շարս այլոց, զուտ մարդկային զգացումներէ մղուած, այս տիպարին տարիներ ընկերական հոգածութիւն տրամադրած եմ։ Վերջապէս, ան կը տեղափոխուի Հայաստան։ Հոն, խանդոտ մարդոց մութ նպատակներուն ծառայելով, կը շարուակէ վարձկան գրիչի իր ընթացքը, իր արտադրած կեղտի շատը անանուն եւ տարբեր միջոցներով ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրելով։ Եւ ահա, մտաւորականի լուրջ դէմքով եւ ծուարած նոր տէրերու գիրկը, այս խրտուիլակը վարձկան «մտաւորական»ի դերը կը շարունակէ մինչ օրս, ցանցերու վրայ իր մաղձը թափելով։ Բայց քանի որ իր միջակութեան եւ ձրիակերութեան փաստերը գրեթէ բոլորին յայտնի են արդէն յոգնեցուցիչ չափերով (նոյնիսկ ներկայիս զինք վարձատրող պատասխանատուները իր բերէն կը գանգատին), ան իր գրոհներուն լծակից դարձուցած է նաեւ Փարիզ հաստատուած իր աներձագը, որ նոյն «զիպիլ»ութեան սկզբունքներով, մարդոց տեղադրած գրառումներն ու նկարները օգտագործելով, վերագրումներ եւ յարձակումներ կ՚ընէ աջ ու ձախ, առանց իսկ նուազագոյն ծանօթութիւնը ունենալու իր թիրախներուն մասին։ Հարց կու տամ ինքզինքիս, թէ մարդ ի ՞նչպիսի տականք պէտք է ըլլայ, ի ՞նչ աստիճանի անբարոյ, որ այլոց ու իրենց ընտանիքներուն տեղադրած նկարները օգտագործելով, անոնց տակ ածականներ ու վերագրումներ տեղադրէ։ Հոգեբան չեմ որ նման մղումներու ախտաճանաչումը ընեմ, սակայն նման ընթացքի բացատրութիւնը հաւանաբար կը գտնուի մարդուս կեանքի ձախողութիւններուն հանդէպ իր ջղագրգռութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ատելու անծայրածիր կարողութեան մէջ, որ ատողներուն կրնայ առաջնորդել մինչեւ իսկ ոճրագործութիւններու՝ յաճախ անբացատրելի, յաճախ անտրամաբանական։

Մէկ ուրիշ տականք, որ Թորոնթոյէն Հայաստան տեղափոխուելով, իր հայրենիքի հանքարդիւնաբերութեան դաշտին մէջ գողութեամբ զբաղած է, ու հոն սնանկութեան միջոցով աւազակութիւն կազմակերպած, մինչեւ իսկ հայաստանեան իրականութեան մէջ զեղծարարութեամբ ամբաստանուած։ Գանատա փախչելով, իր ձախողութիւններու «վրէժ»ը կը լուծէ մարդոցմէ որոնց հետ երկու բառ իսկ փոխանակած չկայ։ Ֆէյսպուքի ճամբով, հոս-հոն յարձակումներ կը կատարէ, եւ պիտակաւորումներ կ՚իրագործէ, որոնցմէ ես ալ անմասն չեմ մնացած։ Դեռ վերջերս, բարեկամի մը տեղադրած մէկ ընկերային նկարին առիթով, ամենէ լկտի վերագրումները գրած է անոր տակ, առաւել եւս փաստելով իր առնետական էութիւնը։ Այս զիպիլը, իր անհաւասարակշռութեան լաւագոյն փաստերը կուտայ մակերեսային հայրենասիրական զեղումներով, իր «նուիրում»ի արգասիքը փաստելով մարտական տղոց հետ նկարներ տեղադրելով, անոնցմէ անփառունակ վիճակի մէջ գտնուողներուն $100-200 նուիրելով, ու դարձեալ նկարուելով՝ միշտ ու միշտ ընկերային ցանցերու վրայ զետեղելու համար։ Հերոսութեան նկրտումներով, սակայն ձախողութիւնէ ոչնչութիւն ցատկռտելով, ան բաժակաճառերու եւ պոռոտախօսութեան աշխարհին մէջ կը քաշկրտուի։ Անգամ մը եւս, մարդ կ՚ապշի նման տկարամիտի մը ամբարած անբացատրելի ատելութեամբ, լկտի անկրթութիւնը որպէս հերոսութիւն ընդունածի համարձակութեամբ, որ բնականաբար նաեւ կ՚օգտագործուի խանդոտ նպատակներ հետապնդողներու կողմէ։ Պիտի մեռնի ու երթայ, եւ ետին պիտի ձգէ միմիայն ամբողջ շարք մը հայհոյանքներու։

Կը հասկնա ՞ք։ Բոլորովին անկարեւոր է թէ այսպիսիներուն թիրախը ո ՞վ է, եւ կամ այդ թիրախը որքանով արժանի է քննադատութեան։ Փաստը այն է թէ հարցը ոճն ու ատելութիւնն են, ոչ թէ որոշ մակարդակի վրայ եղած քննադատութիւնը։

«Կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ», ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական առածը։ Եւ բնականաբար, ես իմ մաշկիս վրայ կրած հարուածներէս է որ կ՚եզրակացնեմ թէ որքան տկարամտութիւն, եւ որքան անբացատրելի ատելութիւն ու նախանձ կրնայ զարգանալ մարդոց մէջ։ Երբ հանրային եւ հասարակական կեանքի մէջ ես, պիտի ակնկալես քննադատուիլ ու նաեւ հարուածներ ստանալ։ Որքան սկզբունքային կամ հիմնական ըլլան ճիգերդ, կը թէժանան նաեւ քննադատութիւնները, եւ սա բնական է։ Սակայն, երբեմն ուղղակի կ՚ապշիմ թէ մարդիկ որքանով կրնան ատել, նոյնիսկ ատելութիւն զարգացնել ուրիշներու հանդէպ որոնց հանդիպած իսկ չկան։ Եւ երբ նման ատելութիւնը, ոչ թէ միայն չի մեղմացուիր պատասխանատու դիրք զբաղեցնողներու կողմէ՝ այլ կը քաջալերուի, կ՚ունենանք այն ինչ ունինք. այսինքն, հասարակութիւն եւ շրջանակ, որ վատոգի ցեխարձակումներով եւ մոլուցքով կը սնանի, ատելութեան խօսքի եւ գրութիւններու մէջ կը տապկուի, եւ նաեւ այս բոլորի վրայ ու փլատակներով հպարտ պատասխանատու խաւ։

Բնականաբար, նման իրականութենէն անկարելի է դրական բան ակնկալել, անկարելի է դրական տեղաշարժ կամ յաջողութիւն արձանագրել։ Եւ դեռ, ձախողութիւններու պատրուակ կը գտնենք ուրիշը, ձախողութիւններու ետին մեծ ու երեւայական դաւադրութիւններ կը փնտռենք, մինչ ներսի թոյնը կը կրծէ ու կը կրծէ, ու այսպէս կը շարունակէ գործել իր աւերը։

Եւ այս բոլորը, երբ մեր ազգն ու հայրենիքը կը դիմագրաւեն լրջագոյն մարտահրաւէրներ, երբ կազմակերպութիւններ լրջագոյն պառակտումներու եւ դժուարութիւններու առջեւ են։ Սթափող պիտի ըլլա ՞յ...

(Հաւանաբար շարունակելի)