image

Գուրգէն Արսէնեանը մասնակցած է Լաւրովի եւ ՀԱՊԿ երկիրներու դեսպաններու հանդիպման

Գուրգէն Արսէնեանը մասնակցած է Լաւրովի եւ ՀԱՊԿ երկիրներու դեսպաններու հանդիպման

Նոյեմբեր 13-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հանդիպում ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու դեսպաններու եւ մշտական եւ լիազօր ներկայացուցիչներու հետ։ Միջոցառման մասնակցած է ՀԱՊԿ ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը:

Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ դիւանագիտական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Դեսպաններու շարքին եղած է նաեւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեանը:

«Քննարկուած են կազմակերպութեան շրջածիրէն ներս բազմածրագրային փոխգործակցութեան զարգացման առանցքային հարցեր՝ շեշտը դնելով հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի եւ նոյեմբեր 28-ին Աստանայի մէջ ՀԱՊԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի համատեղ նիստի նախապատրաստման վրայ։ Տեղի ունեցած է միտքերու շահագրգիռ փոխանակում միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան արդիական խնդիրներու շուրջ», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: