«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Այվազեան
Վարդապետ ներկայիս ի՞նչ է ընդհանուր իրավիճակը Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանի Գամիշլի եւ Հասաքէ քաղաքներուն մէջ:
Հիմա շատ դժուար օրեր են, որովհետեւ շրջանի քիւրտերը ամերիկացիներու օգնութեամբ կը փորձեն տիրանալ ոչ միայն բոլոր պետական կառոյցներուն, այլ նաեւ համայնքային դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն: Անշուշտ մեր մօտ չեն համարձակիր նոյնը ընել, որովհետեւ քաջ գիտեն իրենց դիմաց ինչպիսի բարոյական ուժ կայ, բայց իրավիճակը մտահոգիչ է:Մտահոգիչ է այն առումով, որ անոնք ինքնագլուխ կը գործեն: Մենք՝ Համահայկական Բարեսիրական Միութիւնը, որ ամբողջ Սուիրոյ մէջ ունի իր կենդրոնները, գործի դրինք ութը մեծ դարմանատուներ, իսկ Քեսապի մէջ սատարեցինք նոր հացատան մը բացմանը, որպէսզի ժողովուրդը թարմ հաց ունենայ, ետքը որոշեցինք բժշկական օգնութիւն ցուցաբերել բնակիչներուն եւ Ճաբոնէն շարժական հիւանդանոց պատուիրեցինք, որ օժտուած է բոլոր բժշկական անհրաժեշտ սարքերով, ապա ձեռնարկեցինք վանքերու վերանորոգման աշխատանքներու եւ սկսանք կարգ մը գործարաններուն օժանդակել, որպէսզի իրենց նախկին հունին վերադառնան: Օրինակ հիմա արդէն դափնիի (արաբական յայտնի ղար օճառ) օճառի գործարանի մէջ կʼաշխատին 36 ընտանիքներ, իսկ երբ վերադառնամ, պիտի կատարուի երկրորդ գործարանի բացումը, որ պիտի արտադրէ խնձորի քացախ, լոլիկի եւ կարմիր պղպեղի մածուկ, եւ նռան հիւթ: Իսկ մեր շրջանները՝ Տէր Զօր, Գամիշլի եւ Հասաքէ ոտքի դրած ենք ագարակներ եւ ջերմոցներ՝ աժան բանջարեղէն եւ կաթնամթերք ապահովելու:
Վարդապետ դուք մտահո՞գ էք, որ Սուրիոյ բանակը եւ քրտական ուժը իրարու հետ բախում կʼունենան:
Բոլորը կը կարծեն որ քիւրտերը մեծ ուժ ներուժ ունին: Դժբախտաբար Ամերիկայի տարածած բոլոր լուրերը անհիմն են, որովհետեւ քիւրտերը կը կազմեն ոչ թէ Հասաքէի, Գամիշլիի եւ Տէր Զօրի 13 տոկոսը (ինչպէս ամերիկացիք կ'ըսեն), այլ անոնք նշածս շրջաններուն նոյնիսկ 5 տոկոսը չեն: Ես միշտ կարծած եմ, որ քիւրտերը քաջ են եւ պատրաստ պատերազմելու, սակայն պարզուեցաւ որ իրականութիւնը այդպէս չէ:
Հայութեան ապագան վտանգուած կը տեսնէ՞ք, Գամիշլիի եւ Հասաքէի մէջ:
Մենք կը փորձենք օգտակար ըլլալ մեր համայնքին: Ես ՄԱԿ-ի վեց մեծ կազմակերպութիւն կը ներկայացնեմ, եւ մենք ոչ մէկ հայ ընտանիք առանց աջակցութեան չենք ձգած: Ամէն ամիս 1000 հայ ընտանիքի սնունդ կը բաժնենք, առաւել բոլոր բժշկական խնամքներու՝ դեղերու, վիրահատութիւներու ծախսերն ալ կը հոգանք:
Հարցազրոյցը ՝ «Արեւելք»ի