Նոյեմբեր 13-ին Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեանն իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած է Եգիպտոսի Արտաքին գործոց փոխնախարար, արարողակարգի պետ Հայսամ Սալահին։
Եգիպտոսի Արտաքին գործոց փոխնախարարը շնորհաւորած է ՀՀ դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ՝ մաղթելով անոր յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք հայ-եգիպտական բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման գործին մէջ։
Դեսպան Սարգսեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով եգիպտական կողմին ջերմ ընդունելութեան համար, գոհունակութեամբ ընդգծած է Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով գործադրելու բոլոր ջանքերը՝ հայ-եգիպտական փոխշահաւէտ համագործակցութեան առաւել ընդլայնման եւ զարգացման համար։
Զրոյցի ընթացքին կողմերն անդրադարձած են նաեւ երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցերու։