image
Հրատապ լուրեր:

Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը պիտի չլուծուի, մինչեւ համայնքն Էրտողանին հետ հանդիպման չունենայ. Տիգրան Կիւլմէզկիլ

Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը պիտի չլուծուի, մինչեւ համայնքն Էրտողանին հետ հանդիպման չունենայ. Տիգրան  Կիւլմէզկիլ

Պոլսոյ մէջ գործող հայկական Գարակէոզեան վարժարանին կից հիմնադրամի նախագահ Տիգրան Կիւլմէզկիլ Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններուն առումով Պոլսոյ նահանգապետարանին ու հայ համայնքին միջեւ ծագած անհամաձայնութիւնները կրնան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի նոր տեղապահ Գարեգին Պէքճեանին ու ընտրութիւններու հարցերով զբաղող նախաձեռնող խումբին պետութեան հետ բանակցային կապն առաւել թոյլ պահելու արդիւնք ըլլալ:

 

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ մամուլի մէջ տարածուած էր տեղեկութիւն, ըստ որուն Պոլսոյ նահանգապետարանը կրկին կը միջամտէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին, եւ այս անգամ այն գոհ չէ ընտրութիւններու կազմակերպչական գործընթացն իրականացնող խումբի անդամներէն:

 

Տիգրան Կիւլմէզկիլ նշած է, որ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին գտնուելու շրջանին պատրիարքարանն ու հայկական հիմնադրամներու ղեկավարները պարբերաբար ստիպուած եղած են բանակցիլ Անգարայի հետ, համայնքային ամենատարբեր խնդիրներու լուծման շուրջ: Մինչդեռ ըստ Կիւլմէզկիլին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի նոր տեղապահն ու անոր խումբը հակած չեն նոյն կերպով ամէն հարցի մէջ հաշուի նստիլ իշխանութիւններուն հետ, ուրկէ եւ սկսած են ծագիլ խնդիրները:

 

Գարակէոզեան վարժարանին կից հիմնադրամի ղեկավարը շեշտած է, որ պատրիարքական ընտրութեան հարցը պիտի չլուծուի, մինչեւ հայկական պատուիրակութիւնը հանդիպում չխնդրէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: