image

Համաձայն եմ մինչեւ նոյեմբեր խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու գաղափարի հետ. Փաշինեան

Համաձայն եմ մինչեւ նոյեմբեր խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու գաղափարի հետ. Փաշինեան

Նիկոլ Փաշինեանը համաձայն է Իլհամ Ալիեւի այն գաղափարին, որ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքուի մինչեւ 2024-ի նոյեմբեր։

Այս մասին Փաշինեան յայտարարեց այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ։

«Դրա համար խաղաղութեան պայմանագրում պէտք է բոլոր համաձայնեցուած սկզբունքներն արձանագրել, ու եթէ ես հենց հիմա չեմ ասում, որ միւս շաբաթ ենք ստորագրելու, նշանակում է, որ այդ համաձայնութիւնը դեռ չի եղել»,–ըսած է ան։

Փաշինեանը յոյս յայտնած է, որ Ալմա Աթայի մէջ կայանալիք յառաջիկայ հանդիպման առաջընթաց կ՚արձանագրուի։