image

Ի՞նչ ձիրքերով Պատրիարքի մը պէտք ունինք. Միսաք Գոչունեան

Ի՞նչ  ձիրքերով  Պատրիարքի մը պէտք  ունինք. Միսաք Գոչունեան

Պոլսոյ  Պատրիարքի   ընտրութեան   հարցը կը շարունակէ մնալ  հայութեան   մեծ օրակարգերու  սեղանին: 

Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք  Պոլսոյ   «Ժամանակ» օրաթերթի  հիմնադիրներէն ՝ Միսաք  Գոչունեանի (գրական ծածկանունը  ՝ Քասիմ)    1909 թուականին ստորագրած    խմբագրականը   յատկացուած   Պոլսոյ  նոր  Պատրիարքի  մը  ունենալիք     «ձիրքերուն»:  Յօդուածը կը ներկայացնենք  առանց  մեկնաբանութիւններու:

 

         Ալեքսան էֆենտի Թոփալեան ասկէ երկու ամիս առաջ յայտարարութիւն մը ըրաւ Երեսփոխանական ժողովին մէջ:  Իրապէս մտածուած ու անկեղծ յայտարարութիւն մը եւ ահա ամէն կողմէ ձայներ, գանգատներ, բողոքներ բարձրացան եւ քիչ մնաց որ «ազգադաւ է, մատնիչ է, դաւաճան է », պոռային մարդուն երեսին:  Ի՞նչ էր սակայն Թոփալեան էֆենտիի ըսածը. «Իզմիրլեան հայրիկը պատրիարք պահենք եւ Դուրեան սրբազանը կաթողիկոս ընտրենք»:

         Հայրենեաց սիրով վառուած վեհ սրտեր, որ այն ատեն աւելի առատ էին, անմիջապէս լռեցուցին Թոփալեանի ձայնը:  Նոյնիսկ կաթողիկոսական պատուիրակութենէ ալ հրաժարեցուցին զայն. Ասանկ մտածող մարդ մը ի՞նչպէս կրնար թրքահայ ներկայացուցիչը ըլլալ:  Եւ հիմա որ Իզմիրլեան հայրիկ ընտրուեցաւ ու վաւերացուեցաւ, իրականութիւնը ցոյց տուաւ, թէ ո՛րչափ անհաշիւ ձեռնարկ մըն էր Իզմիրլեան սրբազանի պէս մէկը ներկայ պարագաներուն մէջ Պոլիսէն հեռացնելը, երբ նորին որբազնութիւնը դեռ նոր ձեռք առած էր պատրիարքութեան ղեկը եւ երբ խաթարուած առողջութիւնն ալ չէր կրնար դիմագրաւել կովկասի սաստկաշունչ կլիմային:

         Իրաւ է որ նորընտիր հայրապետը, հաւատարիմ մնալով իր ուխտին, կ’երթայ ամէն ուր որ կ’ուզէ զինքը ազգը, սակայն երբ Պոլսոյ մեղմ կլիմային տակ կրնար օգտակարապէս աշխատիլ երբ պատրիարք, ի՞նչու առողջական վիճակին բնաւ չյարմարող տեղ մը ղրկել զինքը, ուր գուցէ ստիպուած ըլլայ հիւանդկախ կեանք մը վարել, ինչպէս կը յայտարարեն դարմանող բժիշկները:

         Այս փափուկ պարագաններուն վրայ մտածող չկար սակայն ընտրութեան պահուն եւ Թոփալեանի առաջարկին գտած ընդունելութիւնը բաւական ազդու դաս մըն էր միւս երեսփոխաններուն որ իրենք ալ լռութիւն պահեն:  Այս ցայտուն օրինակը բաւական չէր կարծես, հիմա ալ երբ տեղապահի եւ պատրիարքի ընտրութեան պարագաները կը ներկայանան, դարձեալ նոր ազգասէրներ հրապարակ կը նետեն անունները այնպիսի եկեղեցականներու, որոնք ամէնէն առաջ իրենք կը զգան, թէ պատրիարքութիւնը իրենց գործը չէ եւ թէ ուրիշ պաշտօններու մէջ ա՛լ աւելի օգտակար կրնան ըլլալ ազգին:

         Եղիշէ եպսկ. Դուրեան. Աղէ՛կ, ո՞վ չի յարգեր զայն, ո՞վ չի գնահատեր անոր արժանիքը իբրեւ հմուտ եկեղեցական, միեւնոյն ժամանակ սակայն ո՞վ չի կրնար հեռատեսել, որ եթէ պատրիարք ընտրուի շատ կարճատեւ պաշտօնավարութիւն մը պիտի ունենայ ու մինչեւ ցարդ վայելած համբաւն ալ պիտի կորսնցնէ:

         Դուրեան սրբազանի անբաւականութիւնը գիտցողներ կ’առարկեն, թէ պատրիարքը ինքնագլուխ գործող մը չէ այլեւս եւ սահմանադրական վարչութիւնն է որ ամէն գործ պիտի տնօրինէ, հետեւաբար բաւական է որ լեզուագէտ, հմուտ ու պարկեշտ եկեղեցական մը ունենանք մեզի գլուխ. վարչական կարողութիւններ անհարաժեշտ չեն:

         Ասիկա մտածելու յոռի եղանակ մըն է, որ մարդամեքենայի աստիճանին կ’իջեցնէ ընտրելին. այս պայմաններուն տակ սակայն ո՞ր եկեղեցականը կը յօժարի պատրիարք ընտրուիլ ու կամակատար գործիք դառնալ մէկ քանի անձանց ձեռք:  Ո՞ւր տեսնուած է որ վարչապետը վարչական կարողութենէ զուրկ մէկն ըլլայ ու ապաւինի ժողովականներու արժանիքին:  Մեր արդի վիճակին մէջ մանաւանդ ուժեղ կամքի տէր անվկանդ պատրիարքի մը պէտք ունինք զօրաւոր կորովով օժտուած, որ կարող ըլլայ դիմագրաւել շատ մը ինքնակոչ գործիքներու, որոնք ամէն ատենէ աւելի հիմա կը վխտան պատրիարքարանի շուրջ եւ իրական պատրիարքութիւն վարել կը յաւակնին` ազգին բոլոր գործերը իրենց քմահաճոյքին համեմատ տնօրինելով:

         Չէ՛, բարեկամներ, չէ՛, անանկ առաջին անգամ պոռացողին առջեւ տեղի տուող, պատրիարքական իշխանութեան դէմ հեստողներուն գլուխ խոնարհեցնող եկեղեցականով չի կրնար կառավարուիլ մեր ազգը:  Ժողովականները ո՛րչափ ալ աջակից ըլլան, պատրիարքն է գործադիր իշխանութիւնը, ա՛ն է որ պիտի վարէ, տնօրինէ ամէն գործերն ու յարաբերութիւնները:  Ժողովականները կրնան հրաժարիլ, իրենց պաշտօնին անփոյթ գտնուիլ կամ որեւէ պատճառով չի յաճախել ժողովասրահ:  Պատրիարքը կայ ու կը մնայ իր առոթին վրայ եւ ինքն է ուղղակի պատասխանատուն:  Հետեւաբար մենք պէտք է փնտռենք եկեղեցական մը, որ փոխանակ ուրիշներէ վարուելու, ինք վարէ ուրիշները եւ պատրիարքական իշխանութիւնը պատկառելի ընծայել գիտնայ:  Սահմանադրութիւնը երբ մէկ կողմէ իրաւունքը գիտնալ կը սորվեցնէ ժողովուրդին, միւս կողմէ պարտքը ճանչնալն ալ կը պահանջէ խստիւ, դժբախտաբար սակայն մեր ժողովուրդը պարտքը բոլորովին անտեսելով իրաւունքին վրայ միայն ծանրանալ սկսած է եւ շատեր եթէ ասպարէզ գտնեն, պատրիարքութեան իրաւունքներուն ալ ոտնձգութիւն ընելու տրամադրութիւն կը յայտնեն, ինչ որ միշտ պէտքը զգալի կը դարձնէ մաքառող պատրիարքի մը:

         Ատեն մը, երբ բռնապետութիւնը մէկ մէկ պատրուակով ասպարէզէն կը հեռացնէր կարող եկեղեցականները, կը գանգատէինք, թէ Օրմանեան յատկապէս կ’արատաւորէ պատրիարքական ընտրելիները, որպէսզի ինք մինակ փայլի հրապարակին վրայ ու ամէն մարդ, եկեղեցական չգտնելով, խոստովանի, թէ միակ պատրիարքը Օրմանեանն է:  Հիմա ալ երբ բռնապետութիւնը տապալեցաւ, իր հետ անդարձ կերպով կործանելով նաեւ Օրմանեանը, կրկին եկեղեցականի սովն է որ կը տիրէ եւ հազիւ մէկ- երկու եպիսկոպոսներու անուններ կը յեղյեղուին, այնպէս որ, այս մէկ-երկու եպիսկոպոսներն ալ եթէ չըլլային, պիտի ստիպուէինք թափուր պահել աթոռը:

         Ի՜նչ ցաւալի կացութիւն է աս, ինչո՞ւ լքումի, անգործութեան դատապարտել խումբ մը եկեղեցականներ, որոնք եթէ սա կամ նա կերպով ամբաստանուած չըլլային ազգային իշխանութեան առջեւ, արժանաւորապէս պիտի կրնային բարձրանալ պատրիարքական գահը:  Ինչո՞ւ ազգը զրկել անոնց կարողութենէն եւ, առ ի չգոյէ լաւագոյնին, մէկ-երկու եկեղեցականով միայն սահամանափակուիլ:  Հին բռնապետական օրերուն մէջ չենք, փառք Աստուծոյ, Ազգային ժողով ունինք` 140 անդամներով:  Այսչափ բազմութեան մէջ արդարութեան ձայնը չի կրնար խեղդուիլ, բնականաբար:  Եթէ կը փափաքինք արդար ընթացք մը բռնել, եթէ կ’ուզենք արժանաւոր ընտրութիւն մը կատարել, պէտք է անմիջապէս պատուոյ ատեան մը կազմենք ու, ամէն ուրիշ խնդիր մէկ կող ձգելով, իսկոյն դատենք ամբաստանութեան տակ գտնուող բոլոր եկեղեցականներն ալ:  Կարելի է զրպարտութիւններ կամ թիւրիմացութիւններ են անոնց վերագրուածները:  Այն ատեն ինչո՞ւ զրկուինք իրենցմէ եւ ինչո՞ւ զրկանք ընենք իրենց:  Իսկ եթէ պատուոյ ատեանը վճռէ անոնց յանցապարտութիւնը` մերկացնենք անոնց եկեցեցական սքեմը ու ի սպառ լքենք զանոնք, ուրիշներուն ալ ազդու դաս մը ըլլալու համար:

         Ինչո՞ւ ծաղրել Բերայի քարոզիչը` պատրիարքական թեկնածութիւն տածելուն համար:  Ի՞նչ պատճառ կայ, որ Հմայեակ եպիսկոպոս կամ ուրիշ որեւէ եպիսկոպոս չցանկայ այդ բարձր պաշտօնին:  Ինչո՞ւ անտեսել Պրուսայի առաջնորդը.  ան ալ ուսեալ եպիսկոպոս մը չէ՞ միթէ:  Ինչո՞ւ կախակայել Կիսարիոյ առաջնորդը միմիայն անոր համար, որ ժամանակաւ, ո՛վ գիտէ ինչ հաշիւով, չէ յօժարած նահատակ Ժիրայրը թաղեր ազգային գերեզմանատան մէջ:  Ինչո՞ւ կիսամեռ վիճակի մը ենթարկել Գէորգ եպիսկոպոսը եւլն. եւլն.:  Արդարութիւնը եւ ազգին շահը կը պահանջեն, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու իսկոյն  պատուոյ ատեան կազմէ Ազգային ժողովը եւ տայ իր վճիռը ամբաստանութեան տակ գտնուողներուն նկատմամբ, որոնք կա՛մ կը վերստանան իրենց վարկն ու պատիւը եւ կամ եթէ ճշմարտապէս յանցաւոր են կը կրեն արդար պատիժնին ու հանրութեան լուտանքը:  Անկէ ետք միայն կրնանք հանդարտ խղճով պատրիարքական ընտրելիներու ցանկ պատրաստել:

         Ասանկ նեղ պարագայի մը մէջ, ուր եպիսկոպոս չէ մնացած մէջտեղը, ի՞նչ պատճառ կայ որ անոնց մէկ մասն ալ իբր կենդանի մեռեալ պահենք:

                                                                                         10-23  Յունուար 1909