image

Հրթիռներ ինկած են Հալէպի «Նոր Գիւղ» թաղամասին վրայ. Զոհեր չկան

Հրթիռներ ինկած են Հալէպի «Նոր Գիւղ» թաղամասին  վրայ. Զոհեր չկան

Հրթիռներ իկած են Հալէպի «Նոր Գիւղ» թաղամասին վրայ: Այս  մասին տեղեկութիւնը ստացանք Հալէպի «Արեւելք»ի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ հրթիռները ինկած են յատկապէս  շրջանի Սուրբ  Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ  դիմաց գտնուող  «Կիլիկիա» շէնքին վրայ: Հրթիռները պատճառած  են  նիւթական մեծ վնասներ: Մարդկային տոյժերու մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: