Երեւանի Նոր Արեշի 34 հասցէին վրայ պայթում որոտացած է, որու հետեւանքով, նախնական տուեալներով 2 տուն փլուզած է։ Այս մասին յայտնած են Ներքին գործոց նախարարութենէն։
Գերատեսչութենէն նաեւ յայտնած են, որ ըստ ականատեսներու` 2 քաղաքացի կայ փլատակներու տակ։
«Փրկարար ծառայութեան 4 հաշուարկ է մեկնել դէպքի վայր, հիմա տեղում աշխատում են»,- ըսած է ՆԳՆ խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը։
ՆԳՆ-ն, սակայն, պայթումի պատճառներու մասին դեռ չէ հաղորդած։