image

Ահա սփիւռքի մաշումին պատճառը Վեհափառ Տէր. Խաժակ Այնթէպլեան

Ահա  սփիւռքի  մաշումին պատճառը Վեհափառ Տէր. Խաժակ  Այնթէպլեան

Ի՞նչ  կ'ըլլայ, եթէ այս կիրակի ալ մենք «պատրաստ» ուտենք... Յոգնեցանք ամէն կիրակի «մանղալ» վառելէն...  Քիչ մը աւելի  ծախսի կը նայի, բայց առանց յոգնելու կամ delivery կ՚ընենք  կամ  ճաշարան կ՚երթանք  կամ ալ առանց ծախս ընելու  մէկու մը տունը հիւրութեան կ՚երթանք:  Միայն հաշիւ պէտք է ընենք,  որ յաջորդ կիրակի իրենք ալ կուգան,  չէ՞ որ փոխադարձ է կեանքին մէջ ամէն բան...

Մարդու տեսակ  կայ, որ  կիրակի օրերը ոչ մէկ ծախս կ՚ընէ...  Ամէն կիրակի հիւրութեան կ՚երթայ: Ասի   «պատրաստ» ուտողներուն  ճարպիկ տեսակն է: Երբ որ երես տաս աստառ ալ կ՚ուզէ, փոխադարձելու  ալ հէչ ստիպուած չէ...  

Կայ նաեւ պատրաստ ուտողներու պետական տեսակը,   որ ոչ մէկ ատեն ճաշ պատրաստելու  ստիպուած եղաւ: Այս տեսակը այնքան ճարպիկ գտնուեցաւ,   որ  հայրենիքին մէջ եղածը արագ մը  կերաւ, յետոյ ալ սփիւռքին հիւրութեան եկաւ ու   տարիներու պատրաստուածը մէկ թուշով կերաւ...  Մեր սփիւռքը այս պատկերէն շատ զգացուեցաւ, «անօթի է , մեղք է» ըսաւ ու  մէկին տեղ տասը տուաւ ...  Վերջը  երբ որ Հայաստան հասաւ,  տեսածներէն շատ զայրացաւ ...  ժողովուրդը անօթի էր , կը բողոքէր իսկ պետութիւնը փորը տնկած հանգիստ նստած էր...

Իհարկէ պետական ճարպիկութիւնը  ասոր առաջքը  առաւ : Անմիջապէս սփիւռքէն պատուիրակութիւն մը   Հայաստան տարաւ...  Կերցուց , խմցուց  ու «պատրաստ» ուտելու գաղտնիքը  ասոնց ալ սորվեցուց : Վերջն ալ    բացատրեց, որ ժողովուրդին հետ անմիջական շփումը ղեկավար մարդուն առողջութեան կը վնասէ իսկ ժողովուրդին հանած ձայնը միայն գլուխ կը ցաւցնէ ու յորդորեց հայրենասիրական երգեր երգել, որովհետեւ  ժողովուրդը  այս երգերով կը քնանայ  ու  պետութենէն հեռու կը մնայ ...

Պետական այս յորդորը  սփիւռքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ... Պատրաստ ուտելը հոս ալ սովորութեան վերածուեցաւ, ազգին ամանը կամաց-կամաց պարպուեցաւ... Ժողովուրդը բողոքեց, բայց ղեկավարութիւնը գիտցածը երգեց եւ այնքան աղմկեց որ ժողովուրդին ձայնը այլեւս  չլսեց...

...Այս աղմուկն է պատճառը Վեհափառ Տէր, որ    ամէն կիրակի մեր  սփիւռքը քիչ մը աւելի կը մաշի ...