image

Արսէն Արծրունիի կեանքին վտանգ կը սպառնայ. Հարազատները կ'ահազանգեն

Արսէն Արծրունիի կեանքին վտանգ կը սպառնայ. Հարազատները կ'ահազանգեն

Արսէն Արծրունիի առողջական վիճակը ճգնաժամային է. այս մասին կը յայտնեն անոր հարազատները:

Ներկայացնելով Արսէնի մօտ յայտնաբերուած հիւանդութիւնը (դիֆուզ բազմահանգուցաւոր խպիպ II աստիճանի) եւ բանտային պայմաններուն մէջ բուժման անհնարինութիւնը՝ հարազատները հիւանդի կեանքի փրկութեան միակ ելքը կը տեսնեն անոր ազատ արձակելու մէջ:

«Արեւելք» այս առիթով զրուցած է Արսէն Արծրունիի եղբօր՝ Սեւակ Արծրունիի հետ:


-Պարոն  Արծրունի՛, օրերս Դուք Դիմատետրի միջոցաւ Ձեր եղբօր՝ Արսէն Արծրունիի առողջական վիճակի հետ կապուած ահազանգ հնչեցուցած էիք: Ինչպէ՞ս է այսօր անոր վիճակը:


-Դիմատետրի վրայ եղած յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ իրականութեան: Երկար ժամանակ է, որ Արսէնը կը տառապէր տարբեր անհասկնալի հիւանդութիւններէ,  բողոքներ ու գանգատներ ունէր, որոնց պատճառը չէինք կարնար հասկնալ, եւ խնդրեցինք բանտային իշխանութիւններէն, որ թոյլ տան բժշկական ընդհանուր հետազօտութիւն կատարենք, ինչը եւ տեղի ունեցաւ: Դժբախտաբար, այդ հետազօտութիւններու արդիւնքները ցոյց տուին, որ Արսէնի մօտ առկայ է վահանաձեւ գեղձի չափերու մեծացում: Աւելին, վահանաձեւ գեղձի շրջանին առկայ են նաեւ բազմաթիւ ուռուցքներ, հանգոյցներ, որոնց ծագումը յայտնի չէ:

Նկատի ունենալով իր բանտային կացութիւնը՝ հնարաւոր չէ ո՛չ աւելի խոր հետազօտութիւն կատարել, ո՛չ ալ բուժում նախաձեռնել: Անոր վերադարձուցին բանտ, ուր կը շարունակէ իր առողջական խնդիրներուն պատանդը մնալ, իսկ այդ խնդիրներու հետեւանքները ամէն ժամ կրնան անդառնալի ըլլալ:

Մենք այս պահին դեռ չենք գիտեր՝ այդ հանգոյցները քաղցկեղածի՞ն են, թէ ոչ: Եւ եթէ քաղցկեղածին են, ապա մենք շատ-շատ ժամանակ կը կորսնցնենք, ամէն մէկ վայրկեանը թանկ է անոր առողջութեան համար: Իսկ եթէ քաղցկեղածին չեն, ապա սա այն հիւանդութիւնն է, որ բանտային պայմաններու մէջ անհնար է բուժել, կ'ունենայ հետեւանքներ, որոնք կ'ազդեն ոչ միայն գեղձային, հորմոնալ համակարգի վրայ, այլեւ նկատելի բացասական ազդեցութիւն կ'ունենայ նաեւ սրտի, ուղեղի աշխատանքի, շնչառական համակարգի, քունի, կեդրոնացման վրայ, մէկ խօսքով, հիւանդութիւնը շատ ուղղութիւններով իր քայքայիչ հետեւանքները կ'ունենայ հիւանդի վրայ, կրճատելով անոր կեանքի տեւողութիւնը: Իսկ եթէ այս ամէնուն գումարենք նաեւ բանտային զրկանքները, առողջապահական պայմաններու բացակայութիւնը, հոգեբանական  գործօնը եւ շատ այլ հարցեր, ապա կարելի է հասկնալ, թէ այսօր ինչպիսի վտանգ կը սպառնայ Արսէնի կեանքին:


-Ի՞նչ կ'ակնկալէք: Ինչպէ՞ս կը տեսնէք անոր մօտ յայտնաբերուած հիւանդութեան բուժումը:


-Այս պահին միայն  ազատ արձակում կ'ակնկալենք, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ համապատասխան բժշկական միջամտութիւն, արհեստավարժ մօտեցում ցուցաբերել: Արսէն Արծրունին Լիբանանի քաղաքացի է, եւ ազատուելու պարագային անմիջապէս Լիբանան պէտք է տեղափոխուի՝ բժշկական անհրաժեշտ օգնութիւնը ստանալու համար. ան պէտք է ամբողջական հետազօտութեան ենթարկուի, եւ մենք ընտանեօք կ'ապահովենք անոր բուժման լաւագոյն պայմանները: Լիբանանի մէջ ան կ'ունենայ ապաքինուելու աւելի նպաստաւոր պայմաններ:  Ես մեծ հաւատ ունիմ, որ նոյնիսկ քաղցկեղի պարագային ազատութեան պայմաններու մէջ հնարաւոր կ'ըլլայ անոր կեանքը փրկել: Անմիջապէս բանտէն ազատումը մեր առաջին պայմանն է ու ակնկալիքը:


-Իսկ  որո՞ւ կ'ուղղէք Ձեր կոչը, պատգամը...


-Արսէն Արծրունին քսաներեք տարի է բանտն է, ան քաղաքական դատավարութեան արդիւնքով յայտնուած է այնտեղ, եւ հակառակ անոր, ան ամբողջ քսաներեք տարի բանտին մէջ զերծ մնացած է քաղաքական գործունէութենէ, գործը երբեք չէ շահարկած, զբաղուած է մտաւորականի կեանքով, բանտային պայմաններու մէջ ան երկրորդ անգամ ուսանելու հնարաւորութիւն ունեցած է, դարձած է հոգեբանական գիտութիւններու թեկնածու:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով, անոր շատոնց ազատ արձակուիլ կը հասնէր, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով, ինչ-որ շահարկումներու հետեւանքով Արսէն Արծրունին այսօր տակաւին բանտն է: Բայց այսօր, նկատի ունենալով անոր առողջական իրավիճակը, ես կոչ կ'ընեմ, որ  բոլոր կողմերը ձեռնպահ մնան քաղաքական շահարկումներէն, հիմնուին բացառապէս մարդասիրական սկզբունքներու վրայ եւ ձգեն, որ Արսէնը, վերադառնալով իր ծննդավայր, համապատասխան բուժում ստանայ: Այս ամէնէն կախուած է անոր ճակատագիրը: Սա այլեւս կեանքի ու մահուան խնդիր է: