29 դեկտեմբերի դրութեամբ՝ Զուարթնոց միջազգային օդակայանին մէջ սպասարկուած ուղեւորներուն թիւը գերազանցած է 3.5 միլիոնը, որու կապակցութեամբ Մոսկուա-Երեւան թռիչքի ուղեւորներուն մատուցուած է անակնկալ:
Տոկոսային յարաբերութեամբ այս թիւը շուրջ 20 տոկոսով կը գերազանցէ 2019-ին արձանագրուած ցուցանիշը, երբ սպասարկուած ուղեւորներուն թիւը հատած էր 3 միլիոնը: