Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական սուր ճգնաժամը պատճառ դարձած է, որ թալանն ու գողութեան դէպքերը աճ գրանցեն։
Օրերս այդ առումով զգուշացման գրառում մը կատարած է դիմատետրի Armenians in Lebanon էջը։ Աղբիւրը ներկայացնելով լուսանկար մը նաեւ նշած է,որ տուեալ անձնաւորութիւնը բնակարաններ մուտք կը գործէ, գողութիւն կ՚ընէ ու ապա հեռանալու պահուն տան բանալիներով կը կղպէ դուռն ու ապա կը հեռանայ։
Մեծ արձագանք գտած է եղած գրառումը, որուն հեղինակն է Ժագլին Փափազեանը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք լատինատառ գրառումն ու կասկածեալի լուսանկարը։
Աւարտին յայտնենք, որ երկրին մէջ ստեղծուած իրադրութեան առընթեր աւելի քան վստահ ենք, որ թէ իրաւապահ մարմինները համագործակցելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան (գլխաւորութեամբ՝ քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեանի), եւ թէ ալ կուսակցական մարմիններուն հետ իրենց կարեւոր ճիգերը պիտի ընեն ապահովելու համար հայկական թաղամասերու անվտանգութիւնը։