Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի մեկնաբանած է Մոսկուայի եւ Թամպովի մարզերուն մէջ Wildberries-ի պահեստներուն դէմ ուքրանական անօդաչու սարքերու յարձակումը՝ զայն որակելով պատասխան Ուքրանիոյ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն դէմ ռուսական հարուածներուն։ Անոր համաձայն՝ ընկերութեան բաշխման եւ փոխադրամատակարարման կեդրոններուն մէջ կը պահուէին անօդաչու թռչող սարքերու պահեստամասեր։
«Այսօր մեր հեռահար հարուածները գործեցին ռուսական տարածքին մէջ երեք ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած մեր հողերուն եւ ծովուն մէջ։ Մասնաւորաբար, ի պատասխան մեր քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն, մեր քաղաքներուն եւ մարզերուն դէմ ռուսական հարուածներուն, խոցուեցան Մոսկուայի եւ Թամպովի շրջաններուն մէջ գտնուող երկու խոշոր բաշխման եւ փոխադրամատակարարման կեդրոններ, որոնք ռազմաճակատի գիծէն աւելի քան 500 եւ մօտ 700 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէին։ Յարձակող կողմը զանոնք կ՚օգտագործէր անօդաչու սարքերու եւ նաւարկման սարքաւորումներու արտադրութեան համար պատժամիջոցներու տակ գտնուող պահեստամասերու մատակարարումը ապահովելու նպատակով։ Խոցուած է նաեւ նաւթային կառոյց մը»,– յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահը։
Թամպովի մարզին մէջ Wildberries-ի պահեստին դէմ յարձակման հետեւանքով ընկերութեան եօթը աշխատակից զոհուած են, իսկ եւս 25-ը վիրաւորուած։ Բացի այդ, Մոսկուայի մօտակայ Էլեքթրոսթալ քաղաքին մէջ գտնուող ընկերութեան բաշխման եւ փոխադրամատակարարման կեդրոնին դէմ ուքրանական անօդաչու սարքերու հարուածին հետեւանքով եւս 24 մարդ տուժած է։