image

Զեղծարարութիւն. Բացայայտուած է բուժաշխատողներու կողմէ վկայականի կեղծման 14 դէպք

Զեղծարարութիւն. Բացայայտուած է բուժաշխատողներու կողմէ վկայականի կեղծման 14 դէպք

2024-2025 թուականներու ընթացքին Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի ղեկավար Սլավիկ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ իրականացուած վերահսկողութեան շնորհիւ բացայայտուած է բուժաշխատողներու կողմէ մասնագիտական կրթութեան փաստը հաւաստող վկայականներու կեղծման 14 դէպք։

Նշուած բուժաշխատողներու մեծ մասն ստացած է շարունակական մասնագիտական զարգացման հաւաստագրեր՝ ատոնց հիման վրայ իրականացնելով մասնագիտական գործունէութիւն:

Բացայայտուած բոլոր դէպքերու կապակցութեամբ Տեսչական մարմնի կողմէ հաղորդում ներկայացուած է իրաւապահ մարմիններուն:

Միաժամանակ, միջնորդագրեր ներկայացուած են լիազօր մարմնին՝ նշուած բուժաշխատողներու մասնագիտական գործունէութեան կասեցման, ինչպէս նաեւ՝ վերջիններուս տրուած շարունակական մասնագիտական զարգացման հաւաստագրերն ուժը կորսնցուցած ճանչնալու հարցերը քննութեան առնելու նպատակով։

Տեսչական մարմինն օրէնսդրութեամբ վերապահուած իր լիազօրութիւններու շրջածիրէն ներս իրականացուող վերահսկողութեան ընթացքին հետամուտ պիտի ըլլայ բժշկական կրթութեան փաստը հաւաստող փաստաթուղթերու կեղծման դէպքերու հետագայ բացայայտման։