image

Զաս դժգոհ է սահմանի լարուած կէտերէն

Զաս  դժգոհ է  սահմանի լարուած կէտերէն

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներու մասին:

Զաս ընդգծած է, որ կարգաւորման հարցով որոշակի զգուշաւոր լաւատեսութիւն կայ:

Անոր խօսքով` Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու` 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն եւ ռուս խաղաղապահներու` Ղարաբաղ մտնելէ յետոյ իրավիճակը կայունացած է, արիւնահեղութիւնը դադրած է:

«Ի հարկէ, լարուածութեան օճախներ կան, եւ անոնք կան հայ-ատրպէյճանական սահմանին: Ես այնտեղ եղած եմ, աչքերովս տեսած եմ, թէ ինչ կը կատարուի: Բայց, ըստ էութեան, սահման, այնտեղ, որպէս այդպիսին, չկայ. կայ շփման գիծ, յենակէտեր, դիտակէտեր: Ժամանակ առ ժամանակ փոխհրաձգութիւններ տեղի կ'ունենան: Այդպէս պէտք չէ ըլլայ», յայտնած է ան:

Գլխաւոր քարտուղարին խօսքով` այժմ կողմերուն առջեւ սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման լուրջ խնդիրն է, այդ մեծ եւ բարդ աշխատանք է, սակայն, այնուամենայնիւ, թոյլ պիտի տայ ամրապնդելու տարածաշրջանի անվտանգութիւնը. «Զգուշաւոր լաւատեսութիւն կայ, որ կ'աւարտի պատերազմի ամբողջ դարաշրջան մը եւ կը սկսի մէկ այլ դարաշրջան: Ես կրնամ սխալիլ լաւատեսութեան մասով, բայց, ամէն պարագային, պէտք է ողջունել այն քայլերը, որոնք այժմ կը կատարուին խաղաղութեան հաստատման համար»: