image

«Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով Մոսկուան կապ պիտի հաստատէ Թեհրանի հետ. Զախարովա

«Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով Մոսկուան կապ պիտի հաստատէ Թեհրանի հետ. Զախարովա

Մոսկուային յայտնի է «Զանգեզուրի միջանցքի» վերաբերեալ Իրանի մտահոգութիւնը, մենք պէտք է կապ հաստատենք Թեհրանի հետ՝ պարզաբանումներու համար։

Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։

«Մոսկուայի դիրքորոշումը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ յայտնի է եւ լուծումը պէտք է փոխընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ տարածաշրջանի հարեւաններուն համար»,-նշած է ան։

Զախարովա ընդգծած է, որ Ռուսիա կը բխի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններէն, որոնք ձեռք բերուած են Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 2020 թուականին եւ աւելի ուշ։

Անոր խօսքով, անոնք նախկինին պէս կը կազմեն ատրպէյճանական-հայկական հաշտեցման հիմքը. «Եւ մենք կը կարծենք, որ անոնց այլընտրանք չկայ»: