image

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման վերջին քայլն է․ Էրտողան

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման վերջին քայլն է․ Էրտողան

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը ծառայէ բոլոր կողմերու շահերուն։ Այս մասին ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովէն վերադարձած ժամանակ օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան:

 Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, Թուրքիոյ առաջնորդը, անդրադառնալով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին, նշած է, որ անոր «բացումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման վերջին քայլն է»։

Բացի այդ Էրտողան չէ բացառած նաեւ Հայաստանի հետ սահմանի բացման հաւանականութիւնը։

«Ինչո՞ւ չդիտարկենք (սահմանի բացման) հարցը։ Նախապէս մենք այս մասին արդէն ամէն ինչ ըսած ենք Փաշինեանին։ Այժմ ամէն ինչ պէտք է ընենք խաղաղութեան համար։ Յոյսով ենք, որ շուտով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարատեւ խաղաղութիւն կը հաստատուի։ Զանգեզուրի միջանցքի բացումն այս համաձայնագիրի վերջնական քայլն է, ինչին Թուրքիան սրտանց կ'աջակցի։ Մենք կ'ուզենք, որ այս ճանապարհին դրական որոշումներ կայացուին առանց յապաղելու: Այժմ տարածաշրջանէն դրական ազդանշաններ կու գան, եւ մենք յոյսով ենք, որ անոնք ի վերջոյ լաւ նորութիւններ կը բերեն»,- ըսած է Էրտողան։