Մենք բաւական յստակ ըսինք եւ հարկ համարեցինք բացատրել, որ անոր (Հարաւային Կովկասի մէջ արեւմտեան միջնորդութեան մէջ - խմբ.) մէջ կը տեսնենք ոչ թէ յաւելեալ արժէք, այլ՝ յաւելեալ սպառնալիք խաղաղ գործընթացին։ Այս մասին ճեպազրոյցին յայտարարաած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։
«Եթէ կ'ըսուի, որ յիշատակուած (արեւմտեան – խմբ.) միջնորդութիւնը կը բերէ կամ պիտի բերէ յաւելեալ օգուտ, պիտի ապահովէ փոխշահաւէտ, փոխադարձ յարգանքով համագործակցութիւն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու միջեւ… ապա մենք կը համարենք, որ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի հետապնդած նպատակները ուղղուած են Հարաւային Կովկասին մէջ ոչ նշուածին հասնելուն եւ ոչ ալ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հասնելուն, այլ անոր, որ պարզապէս ներխուժեն խաղաղ գործընթաց եւ մեծ հաշուով իւրացնեն մեր ձեռքբերումները, փորձեն ոչ թէ կառուցողական դեր խաղալ, այլ պարզապէս ներկայութեան դեր, եւ գուցէ նաեւ՝ ապակառուցողական դեր:
Մենք տեւական կոչ կ'ընենք ապաւինելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք որոշած են Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհային քարտեզը»,- ընդգծած է Զախարովա։