Այդպէս էր Սահակ Վարդապետ, որ ադամանդակուռ մատանիներ չկրեց, որ շարասիւններով ուղեւորութիւններ չըրաւ, որ սուտ քարոզներ չըսաւ եւ որ ամենակարեւորը սիրեց իր հօտի բոլոր անդամները։
Վէրք բուժեց, բանտարկեալներու այցի գնաց, ապահարզան եղած կնոջ խորհուրդ տուաւ, հիւանդին հաղորդութիւն եւ չքաւորին՝ հաց։
Մեր գիտակցական ողջ կեանքի ընթացքին գտնուած են դէմքեր, եղած են անուններ, ապրած են նուիրեալներ, որ մեզի ճանապարհ ցոյց տուած են առ Աստուած։ Մեզի քրիստոնեաներուս համար, ինչ ալ ըլլան յարանուական տարբերութիւնները Աստծոյ տունը՝ եկեղեցին է, իր տարբեր դրոյթներով, կառոյցներով, սլացիկ գմբէթներով կամ պարզ ու համեստ ճարտարապետութեամբ։
Եկեղեցին Քրիստոսի հարսն է ըսուած է Նոր Կտակարանին մէջ ու անկէ անդին ես ալ աւելցնեմ, որ դէպի եկեղեցի մեր ճանապարհին եղած են անուններ, ապրած են նուիրեալներ, որ մեր ձեռքէն բռնելով առաջնորդած են դէպի եկեղեցի։
Այն եկեղեցին, որ մեր մէջն է, մեր հոգիներուն եւ ոգեղէն անոթներուն մէջ ու երբեք ալ պայման մը, որ այդ եկեղեցին քառեղէն կառոյց մը ըլլայ, որ մենք զգանք քրիստոնէական էութեան մը իրական արժէքները։
Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանը անոնցմէ էր։
Անցած են երկար տարիներ անոր շիջումէն ի վեր ու ինչ մեղքս պահեմ թերացած եմ անոր մասին քանի մը տող գրելու։
Պատեհ այս առիթը գտայ, պարզապէս իմ որդիական երախտիքս յայտնելու այն վսեմական հոգեւորականին հանդէպ, որ ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ մէկ նշանաբանով ՝ «Ամէնը Ձեզ»։
Ճիշդ այն բանաստեղծութեան «պատգամ»ին պէս, որուն հեղինակը, իմ անգերազանցելի բարեկամ ՝ Արթուր Մեսչեանն է.
Մեսչեան կը գրէ՝
«Մեծածաւալ և հիասքանչ տաճարների
Եւ ոսկեզարդ խորանների աղօթքը՝
Ամէնը ձեզ, և արծաթէ լապտերը վանքերի,
Ադամանդէ շարքով հիւսուած խաչերը:
Դուք ձեզ վերցրէք եւ փառաւոր շքախմբեր,
Եւ տօնական կախարդական զանգերը:
Ամէնը ձեզ, իսկ ինձ միայն բաժին թողէք
Դժոխքներով անցած «Հայր մեր»-ը»։
Այդպէս էր Սահակ Վարդապետ, որ ադամանդակուռ մատանիներ չկրեց, որ շարասիւններով ուղեւորութիւններ չըրաւ, որ սուտ քարոզներ չըսաւ եւ որ ամենակարեւորը սիրեց իր հօտի բոլոր անդամները։
Վէրք բուժեց, բանտարկեալներու այցի գնաց, ապահարզան եղած կնոջ խորհուրդ տուաւ, հիւանդին հաղորդութիւն եւ չքաւորին՝ հաց։
Ինք եւս ապրեցաւ աղքատի կանոններով, չէ որ մեր Տէր Յիսուս Քրիոստոսի արքայութեան «զարդերն» են աղքատները։
Աղքատութիւն, նուիրում եւ հաւատք ահա այն երեք հիմնակէտերը, որոնց շուրջ ծաւալեց իր գործունէութիւնը չմոռնալով անշուշտ մեր երանաւէտ եւ Սուրբ Հայրերու մատեանները լոյսին բերել ...
Եղա՞ն մարդիկ, որ չարախնդացին իր ապրած կեանքին ի տես, այո եղան, եղա՞ն մարդիկ որ քմծիծաղով նայեցան ամէն անգամ, որ այս «աշխարհիկ սուրբ»ը անցաւ իրենց մօտէն, այո եղան...
Բայց այդ բոլորը անիմաստ էին, որովհետեւ Սահակ վրդ.ը «Յիսուսեան» հայրերու ժառանգորդ մոնազնը շատ լաւ գիտէր, որ իր ճանապարհը լեցուն է տատասկներով ու խարազանիչ կամքով։
Աղօթքներուն մէջ առաջնային, սակայն գործին մէջ աշխատասէր ու ժրաջան Սահակ վրդ. հովուեց, բաշխեց ու նուիրեց։ Նուիրեց իր սէրը, նուիրեց հաւատքի հունտ եւ Քրիստոնէական յոյս ու այդ յոյսին մէջ պարուրուեցաւ եւ դարձաւ լոյսի կաթիլ։
Լոյսի կաթիլ մը, որ այսօր ալ հաւատք կ՚անձրեւէ, բոլոր անոնց հոգիներուն մէջ, որոնք ճանչցան զինք, որոնք լսեցինք իր մեղ խօսքը, որոնք սիրեցին Տէրոջը մարմինը՝ եկեղեցին իրմով, եւ որոնք քալեցին ու դեռ կը քալեն իր անմեկնելի ճանապարհով։
Անմեկնելի, իր դժուարութիւններով, լոյսով եւ փրկչական յոյսով։
Արաբ- մարոնիներու եկեղեցին գեղեցիկ կերպով շարադրած է Քրիստոնեայ անհատին պատկանելիութիւնը։ Արեւելքի արմատներուն մէջ կեանք ու տեղ գտած այդ եկեղեցին հաւատացեալները կը կոչէ ՝ «Յոյսի զաւակներ»։
Սահակ վրդ.ը «Յոյսի զաւակ» ըլլալէն անդին, սիրոյ եւ յարգանքի վարդապետ էր։
Ուղիղ վարդապետութեան տէր կրօնական, որուն բացակայութիւնը կը զգամ յաճախ ու մանաւանդ, երբ կը հայիմ դէպի Մաշտոցեան մատենադարան տանող ճանապարհին, ուրկէ կը քալէր ՝ ինք Սահակ վրդ.ը փնտռելու, գտնելու եւ սուզուելու մեր մատենագիր մեծերու աղօթաբոյր մատեաններուն մէջ։
Սրբադասման արժանի մոհիկան է Սահակ վրդ.ը, որուն յիշատակը լոյս է եւ յաւերժօրէն աղօթք մեր հոգիներուն ու խիղճերուն մէջ։