image

Ըստ Զախարովայի իրենք «իրական լուծումներ» կը փնտռեն

Ըստ Զախարովայի իրենք «իրական լուծումներ» կը փնտռեն

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ճեպազրոյցին անդրադարձած է 12 դեկտեմբերէն Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի փակման՝ Պաքուին ու Երեւանին կոչ ընելով քաղաքական կամք դրսեւորելու՝ հարցը կարգաւորելու համար:

Անոր խօսքով՝ Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի հարցով Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ խաղաղապահ զօրակազմը մշտական փոխգործակցութեան մեջ են շահագրգիռ կողմերու հետ, հնարաւոր ջանքեր կը գործադրեն իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ:

«Ի տարբերութիւն օտարերկրեայ խաղացողներու մեծ մասի, որոնք կը սահմանափակուին ապամագլցման կոչեր ընելով, Ռուսիան «գետնի վրայ» կը փնտռէ իրական լուծումներ եւ կը ցուցաբերէ մարդասիրական աջակցութիւն: Կոչ կ'ընենք Լաչինի միջանցքի ամբողջական ապաշրջափակման՝ 2020 նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն համապատասխան: Կոչով կը դիմենք Պաքուին եւ Երեւանին՝ դրսեւորելու քաղաքական կամք եւ լուծելու կողմերու միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները», -ըսած է Զախարովան: