Բռնագրաւուած Շուշիի մէջ Թուրքիոյ փոխ նախագահ Ճեւտեթ Եըլմազ ըսած է, որ Թուրքիայէն Կեդրոնական Ասիա երկարող փոխադրային նախագիծի՝ Կեդրոնական միջանցքի զարգացման վրայ աշխատանքը կ'օգնէ ամրապնդելու թրքական պետութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը եւ ընդգծելու թրքական աշխարհի համաշխարհային դերը:
Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ համաձայնագիրի վաղ ստորագրումը կը վերացնէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային համապարփակ լուծման ամենամեծ խոչընդոտը։
«Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը մեծ նշանակութիւն ունի ոչ միայն տարածաշրջանի երկիրներու, այլեւ համաշխարհային անվտանգութեան եւ կապի համար, քանի որ վերջապէս կը բացուին տարածաշրջանային փոխադրային ուղիները։ Սա մեծ օգուտներ կը ստեղծէ ողջ թրքական աշխարհի համար, ներառեալ՝ Կեդրոնական Ասիոյ, Սեւ ծովի եւ Կասպից ծովու աւազաններու համար շնորհիւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման եւ նոր հնարաւորութիւններուն», - նշած է ան, հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները: