image

Ըստ Թրամփի Պայտընի հիւանդ ըլլալու հանգամանքը մինչեւ վերջերս գաղտնի կը պահուէր

Ըստ Թրամփի Պայտընի հիւանդ ըլլալու հանգամանքը մինչեւ վերջերս գաղտնի կը պահուէր

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը ակնարկած է, որ իր նախորդը՝ Ճօ Պայտընը, կրնար թաքցուցած ըլլալ քաղցկեղով հիւանդ ըլլալու փաստը։ Սպիտակ տան մէջ մամուլի համար ըրած յայտարարութեան մէջ ան զարմանք յայտնած է, որ հանրութիւնը շատ աւելի վաղ չէ տեղեկացուած Պայտընի առողջական վիճակի մասին։ Այս մասին գրած է dw.com-ը:

Ուշադրութիւն հրաւիրելով  այն փաստի վրայ, որ Պայտընի մօտ ախտորոշուած է շագանակագեղձի քաղցկեղի բարդ տեսակ՝ Թրամփը նշած է, որ «երկար ժամանակ կը պահանջուի, որ քաղցկեղը հասնի այս փուլին՝ իններորդ փուլին»։

Նախագահն ընդգծած է, որ Պայտընի նախագահութեան օրօք կատարուած բուժզննման քննութիւնները պէտք է ցոյց տային հիւանդութեան նշաններ։ «Եթէ նայիք, ապա սա նոյն բժիշկն է, որու խօսքով՝ Ճոյի մօտ ճանաչողական կարողութիւններու առումով ամէն ինչ լաւ է: Կան բաներ, որոնց մասին հանրութիւնը տեղեկացուած չէ», -ըսած է Թրամփ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի մօտ շագանակագեղձի քաղցկեղ  ախտորոշուած է։

82-ամեայ Պայտընի հիւանդութիւնն ախտորոշուած է մայիս 16-ին՝ միզուղիներու հետ կապուած խնդիրներու պատճառով եղած հետազօտութեան ընթացքին։

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահի առողջական վիճակը եւ աշխատունակութիւնը պարբերաբար կասկածի տակ կը դրուէին անիր նախագահութեան ընթացքին։