image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Ռուսաց ԱԳ նախարարութեան. Ե՞րբ պիտի աւարտի Ուքրանիոյ պատերազմը

Ըստ Ռուսաց  ԱԳ նախարարութեան. Ե՞րբ պիտի աւարտի   Ուքրանիոյ  պատերազմը

Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, թէ երբ կ'աւարտի Ռուսաստանի յատուկ գործողութիւնը Ուքրանիոյ մէջ: Ռուսական յատուկ ռազմական գործողութիւնը կ'աւարտուի, երբ վերանան ՆԱԹՕ-ի կողմէ Ուքրանիոյ զարգացման հետ կապուած սպառնալիքները: Այս մասին ըսած է ՌԴ ԱԳՆ ԱՊՀ երկրորդ վարչութեան տնօրէն Ալեքսէյ Փոլիշչուքը:

«Յատուկ ռազմական գործողութիւնը կ'աւարտի, երբ աւարտին անոր խնդիրները: Անոնք կը ներառեն Տոնպասի խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութիւնը, Ուքրանիոյ ապառազմականացումն ու ապազգայնացումը, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանին սպառնացող վտանգներու վերացումը, որոնք կը սպասուին Ուքրանիոյ տարածքէն` ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան պարագային», ըսած է դիւանագէտը:

Ան յաւելած է, որ յատուկ գործողութիւնները կ'ընթանան նախատեսուած ծրագրին համաձայն: