image

Ըստ Պայրամովի որոշուած է սահմանազատման յանձաժողովի ձեւաչափը եւ նախագահներու անունները

Ըստ Պայրամովի որոշուած է  սահմանազատման յանձաժողովի  ձեւաչափը եւ նախագահներու անունները

Ատրպէյճանը պատրաստ է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ: Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը Տուշանպէի մէջ, Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւններու Խորհուրդի նիստին:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուցած է, որ տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւնը մնացած է անցեալին մէջ, եւ ներկայիս Ատրպէյճանի գլխաւոր խնդիրը ազատագրուած տարածքներու վերականգնումն է, երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումը տնտեսական եւ հաղորդակցային կապերու բացման ճանապարհով:

Նախարարն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը պատրաստ է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, այդ շարքին խաղաղ պայմանագրի ստորագրման եւ սահմանազատման գործընթաց սկսելուն: Ան ըսած է, որ այս առնչութեամբ ձեռնարկուած են խաղաղ համաձայնագրի կնքման բանակցային գործընթաց սկսելու քայլեր, այդ շարքին` որոշուած են երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ազգային յանձնաժողովներու նախագահներն ու ձեւաչափը:

Յիշեցնենք, որ Երեւանի մէջ մինչ այդ չեն հաստատած, որ յանձնաժողովներու նախագահները որոշուած են: Պաքուն կը պնդէ, որ յանձնաժողովի նախագահները ըլլան փոխվարչապետներու մակարդակով: