Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով նշած է, որ պաշտօնական Պաքուն ամենաբարձր մակարդակով յայտարարած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին աջակցելու մասին:
Անոր խօսքով` Ատրպէյճանը դրական արձագանգած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակման եւ անոնց մասնակցութեամբ 3 հանդիպում կայացնելուն:
Պայրամով այս ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը անուանած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին ուղարկուած դրական ուղերձներու օրինակ:
Միաժամանակ, Արցախեան Երկրորդ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանը, ըստ Պայրամովի, մէկ կողմ դրած է անցեալի վէրքերը` յայտարարելով խաղաղութեան եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պատրաստակամութեան մասին:
«Հայաստանը մէկ տարի անտեսած է Ատրպէյճանի խաղաղութեան կոչերը: Չնայած անոր, Պաքուն այս տարուան սկիզբը հրապարակաղ է այն սկզբունքները, որոնց վրայ կարելի է հիմնել ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրը», ըսած է Պայրամով:
Անոր խօսքով, պաշտօնական Պաքուի խաղաղութեան օրակարգը դրական արձագանգ ստացած է միջազգային հանրութեան կողմէ , այդ շարքին` Եւրոմիութեան մակարդակով: ԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները վերջին երկու ամիսներու ընթացքին երկու դէմ առ դէմ հանդիպում ունեցած են, յիշեցուցած է Պայրամով` նշելով, որ բանակցութիւններու օրակարգին մէջ, ի շարս այլ հարցերու, ներառուած է նաեւ տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային ուղիներու ապաշրջափակումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատումը եւ սահմանագծումը:
Պայրամով այնուհետեւ ըսած է, որ Հայաստանէն սկսած են որոշակի դրական ազդակներ գալ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով:
«Այս ազդանշանները մենք կ'ընդունինք որպէս դրական քայլեր: Այս ուղղութեամբ շարժման շարունակականութիւնը կը բխի ոչ միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի շահերէն: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ամէնէն շատ անհրաժեշտ է Հայաստանին... պաշտօնական Երեւանը պէտք է ճիշդ գնահատէ իրավիճակը եւ ընէ ճիշդ եզրայանգումներ», ըսած է Պայրամով:
Ինչ կը վերաբերի այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման բանակցութիւններուն, Պայրամով նշած է, որ այս հարցով դեռ յստակ արդիւնքներ չկան: Հայաստանը տարբեր պատրուակներով կը ձգձգէ այս գործընթացը, յայտնած է ատրպէյճանցի նախարարը:
«Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը բացայայտ կը յայտարարեն. «Մենք Երեւանի հետ խնդիրներ չունինք: Մեր երկիրները հանդէս կու գան Հայաստանի հետ բնական բարիդրացիական յարաբերութիւններու օգտին: Եթէ Երեւանը համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ, յարգէ միջազգային իրաւունքի կանոնները եւ հաշուի առնէ տարածաշրջանի իրողութիւնները, լաւ արդիւնքները հնարաւոր պիտի դառնան», ըսած է ան: