Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան խօսած է տարածաշրջանին մէջ «3+3» հարթակի հետ կապուած զարգացումներուն մասին։
Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ կը շարունակեն աշխատանքները տարածաշրջանին մէջ 6 երկիրներու մասնակցութեամբ՝ Թուրքիոյ, Իրանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսատանի հետ հարթակ ստեղծել, որ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն պիտի բերէ։
«Սակայն Վրաստանը բացասական կը վերաբերի այս հարթակին։ Բայց եթէ բոլորին մօտ սա հաւանութեան արժանանայ, տարածաշրջանը խաղաղութեան աւազանի կը վերածուի։ Ալիեւը Հայաստանի հետ քննարկումներ եւ խաղաղութեան առաջարկ կատարած է։ Մենք ալ, որպէս Թուրքիա, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ շատ յստակ ու բաց կը ներկայացնենք։ Ի հարկէ Վրաստանի եւ Ռուսատանի միջեւ յարաբերութիւններու այլ ընթացքը մեր գործը պիտի հեշտացնէ», ըսած է Էրտողան։