image

«Արցախում զինծառայութիւն անցած ցանկացած անձ քաղաքացիութիւնից զրկուելուց յետոյ կարող է յանձնուել Ատրպէյճանին». Խուդոյեան

«Արցախում զինծառայութիւն անցած ցանկացած անձ քաղաքացիութիւնից զրկուելուց յետոյ կարող է յանձնուել Ատրպէյճանին». Խուդոյեան

Արցախի մէջ զինուորական ծառայութիւն անցած որեւէ անձ, քաղաքացիութենէ զրկուելէ ետք, կրնայ յանձնուիլ Ատրպէյճանին։ Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեան։

«Ցանկացած անձ, ով զինուորական ծառայութիւն է անցել այսօրուայ իրենց ասած Ադրբեջանի տարածքում, այսինքն՝ Արցախում, ըստ Ադրբեջանի՝ յանցագործ է: Հայաստանում քաղաքացիութիւնից զրկուելուց յետոյ կարող է յանձնուել Ադրբեջանին», ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ 2026 թուականի Նոյեմբեր 23-ին հրապարակուած Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծով կ՚առաջարկուի վերացնել ՀՀ քաղաքացիութենէ զրկելու գործող բացարձակ արգելքը եւ դատարաններուն իրաւունք տալ անձը քաղաքացիութենէ զրկելու՝ յատկապէս ծանր յանցագործութիւններու պարագային։

Գործող Սահմանադրութեան 47-րդ յօդուածին համաձայն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին չի կրնար զրկուիլ քաղաքացիութենէ։