Թուրքիան կը շարունակէ Մոսկուային եւ Քիեւին բանակցային սեղանի շուրջ նստեցնելու ջանքերը, իրավիճակը բարդ է: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը: Ան Սթամպուլի մէջ հանդիպած է ԱՄՆ գոնկրեսականներու հետ:
Ան յայտնած է, որ Թուրքիան երկու կարեւոր հանդիպում ունեցած է Անթալիոյ եւ Սթամպուլի մէջ` ճգնաժամին «վերջ դնելու» համար:
Անոր խօսքով` այս պահուն բանակցութիւններու հետ կապուած իրավիճակը «համեմատաբար բարդ է»:
«Թուրքիան նախկինին պէս ամէն ինչ կ'ընէ, որպէսզի երկու կողմերն ալ նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ», ըսած է Քալըն:
Յիշեցնելով, որ Անգարան շատ կարեւոր նախաձեռնութիւններու եւ ջանքերու կը ձեռնարկէ իրավիճակի սրումը կանխելու համար, Քալըն ըսած է, որ Թուրքիան օգնած է նուազեցնելու վտանգերը` ռազմանաւերը հեռու պահելով Սեւ ծովէն` որպէս Մոնթրոյի ուխտին մաս:
Ան յաւելած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը ցոյց կու տայ ՆԱԹՕ-ի դաշինքի եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը: